ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէտային տարուան Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու շարժումին ներկայացուած եւս երեք հայամէտ լրացում։
 
Յատկապէս, ընդունուած է 611-րդ լրացումը, որով կոչ ուղղուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիներուն ու քաղաքացիական անձերուն: Լրացման հեղինակը ԱՄՆ քոնկրեսական Ատամ Շիֆն է:
 
Բացի այդ, ընդունուած է Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի համանախագահ Ճէքի Սփիերի ներկայացուցած լրացումը, որով կոչ ուղղուած է ԱՄՆ պետական բաժինի ներկայացնել զեկոյց, ուր փաստաթղթաւորուած են Պայտընի վարչակազմի կողմէն «Ազատութեան աջակցման ցոյցի» 907-րդ լրացումը կրկին շրջանցելու պատճառները: Սփիերը լրացման մէջ նաեւ պահանջած է, որ ներկայացուելիք զեկոյցին մէջ տեղեկութիւն ըլլայ այն մասին, թէ արդեօք Ատրպէյճանին ցուցաբերուած ամերիկեան աջակցութիւնը չէ վնասած խաղաղութեան գործընթացին Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ տրուի գնահատական 2020_ի Նոյեմբերի հրադադարէն մինչ օրս Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի դէմ յարձակողական ուժի կիրառման կամ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ոտնահարման մասին:
 
Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է նաեւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնի, Քրիս Փափասի ու Գուս Պիլիրաքիսի լրացումը, որով կոչ ուղղուած է սահմանափակել ամերիկեան զինուորական F-16 կործանիչներուն ու անոնց արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:
 
Աւելի ուշ՝ 13 Յուլիսին Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էր Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու շարժումին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, որով պահանջուած է ներկայացնել զեկոյց Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու մասին: 121-րդ լրացումը, յատկապէս, պետական բաժինէն եւ պաշտպանական բաժինէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկոյց, որուն մէջ մանրամասն նկարագրուած պիտի ըլլայ թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէն կիրառուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերու մէջ օգտագործուած եղած են ամերիկեան արտադրութեան մասեր: Բացի այդ, զեկոյցին մէջ պէտք է ներկայացուին Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, քլասթերային ռումբերու ու այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրառման, պատերազմի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ: