“Արմէնփրէս”._ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան 18 Յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ քննարկուած են, յատկապէս արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ առեւտուրի ոլորտներու մէջ երկկողմ գործակցութեան եւ գործարար կապերու ամրապնդման կարելիութիւնները։
 
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայ-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի կազմակերպումին ու կատարումին համար։