Երեքշաբթի, 29 Յուլիսին, Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ գումարուած Ասթանայի գործընթացի երաշխաւոր երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու գագաթնաժողովին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հեռանկարները։
 
Նախագահները հանդէս եկան միատեղ յայտարարութեամբ, հաստատելով հետեւեալները՝
 
– Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան կը մերժեն Սուրիոյ դէմ միակողմանի բոլոր պատժամիջոցները:
 
– Սուրիական հակամարտութիւնը զինուորական լուծում չունի:
 
– Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան հաւատարիմ կը մնան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու միասնականութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան:
 
– Կը դատապարտեն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աճող ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անուան տակ ինքնակառավարման ապօրինի նախաձեռնութիւնները:
 
Յայտարարութեան մէջ խստիւ դատապարտուեցան սուրիական հողերուն վրայ Իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները, որոնք ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին խաղաղութիւնը կը խախտեն։
Իտլիպի եւ սուրիական այլ շրջաններու մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու գոյութիւնը մտահոգիչ նկատելով, երեք նախագահները հարկ համարեցին, որ բոլոր պետութիւնները միաւորեն իրենց ջանքերը եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան հոսքը դադրեցնեն։
 
Անոնք կարեւոր համարեցին նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրուած օգնութիւնները շարունակել եւ մեղմացնել անոր տառապանքը՝ տնտեսական վատ պայմաններու լոյսին տակ։
 
Հրատապ համարուեցաւ նաեւ այլ երկիրներ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին խթանումը։
 
Գագաթնաժողովը լուսարձակի տակ առաւ սուրիական Ճեզիրէի իրավիճակը եւ անհրաժեշտ նկատեց շրջանին սուրիական պետութեան վերահսկողութեան տակ առնուիլը։
 
Նախագահ Փութին կոչ ուղղեց Միջազգային Ընկերութեան՝ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնները բազմապատկելու, ինչպէս նաեւ երկրի դպրոցները, հիւանդանոցներն ու ենթակառոյցները վերականգնելու։