Այսօր ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է ՀՀ-ի Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանին հետ:
 
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի աշխատանքներու կազմակերպման հարցով Ի. Սաղաթէլեանին ունեցած ներդրումին եւ գործադրած ջանքերուն համար։
 
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի առկայ քաղաքական իրավիճակներուն, Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած տնտեսական եւ ժողովրդագրական, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիներուն` Հայաստան այցելելու վարչակարգի հեշտացման եւ շարք մը այլ հարցերու առնչութեամբ։
 
Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծած է երկու երկիրներու պատմական բարեկամութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական արդի զարգացումները Հայաստանի եւ Սուրիոյ ունեցած շահերու, եւ ի դէմս Թուրքիոյ, արտաքին վտանգներու առկայութեան։
 
Ամփոփելով հանդիպումը կողմերը համաձայնած են շարունակել գործակցութիւնը: