Ցնծա՜ եւ ուրախացի՜ր, Հայաստանի «հպա՛րտ քաղաքացի», Երեւանի իշխանութեան սփիւռքցի թմբկահար: ՔՊ-ական իշխանութիւնը այսօր, 19 Յուլիսին, պատմական նոր որոշում մը հռչակեց: 44-օրեայ «փառապանծ» պատերազմէն 2 տարի ետք, Հայաստան իր վերջին զինուորը պիտի հեռացնէ Արցախէն եւ անկէ մեզի մնացած հողաշերտին պիտի ընծայէ ամբողջական ինքորոշում, այսինքն՝ անոր պիտի ըսէ՝ «ասկէ ետք միայն քու զինեալ ուժերուդ վստահէ՛ պաշտպանուելու համար», քիչ մը ալ ապաւինէ՛ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որոնց մեր շրջանին մէջ մայրամուտը հիւսելու ճիգերը շուտով պիտի ծաղկին, իսկ վաղը կրնաս լի՛ովին վստահիլ Ատրպէյճանի բարերար հովանիին եւ օրինակել Նախիջեւանը:
«Հպա՛րտ քաղաքացի». եթէ այս որոշումը անակնկալ չէր, այսուհանդերձ՝ պաշտօնական կնիք կը դնէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ սկսած տեղատուութեան, հողատուութեան նորագոյն մէկ ծրագիրին վրայ, որ հրապարակաւ կամ վարագոյրներու ետին հիւսուած է Երեւանի այժմու իշխանութեան մասնակցութեամբ, ակամայ կամ կամաւոր (կարեւոր չէ) համաձայնութեամբ, «ժողովուրդի կռնակէն որոշումներ պիտի չտանք»ի եւ «թափանցիկ պիտի աշխատինք»ի յոխորտանքներով: Անիկա յաջորդեց Երեւանի եւ ընդհանուր շրջանին մէջ շատ ուշագրաւ իրադարձութիւններու: Մէկ կողմէ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարը Միջին Արեւելք եկած էր՝ ընդդէմ Իրանի եւ Ռուսիոյ ճակատները,- եւ ուժանիւթի աղբիւրները,- ապահովելու նպատակով, նոյն օրերուն, եւ տխրահռչակ Ճոն Պոլթընի այցելութենէն չորս տարի ետք, Սի. Այ. Էյ.-ի պետը Երեւան փութաց «մեր հետեւորդը դարձէք»ի հին-նոր պատգամները յիշեցնելու, յաջորդեց անոր ռուս պաշտօնակիցին Երեւան այցելութիւնը, յիշեցնելու, թէ «մենք դեռ հոս ենք», իսկ զուգահեռաբար, Հայաստանի դիւանագիտութեան հանճարե՜ղ պետը Թիֆլիսի մէջ առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը կ’ունենար իր ազերի պաշտօնակիցին հետ եւ «ականջի ետին նետած» իր պոսին այն հաւաստիքները, թէ Ատրպէյճան կ’աշխատի նոր յարձակումի մը ենթահողը «լեճիթիմացնելու», կամ նոյնինքն ի՛ր այն արտայայտութիւնները, թէ Ատրպէյճան կը խափանէ խաղաղութեան երթը եւ գերիներու հարցը վերածած է չարաշահութեան գործիքի՝ կը յանկերգէր «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի սնանկացած գիւտը:
* * *
Հիմա յայտնի եղաւ, թէ ամերիկացի եւ ռուս բարձրաստիճան պատուիրակները Փաշինեանի «ոտքին չէին եկած», այնպէս՝ ինչպէս Պայտըն գացեր էր Սէուտական Արաբիա: (Չէ՞ որ սէուտցի գահաժառանգը անկարկութիւն ըրած է, թէ հազիւ տարի մը առաջ զինք ոճրագործ համարող Պայտընը իր ոտքին եկած է, քարիւղ հայցելու եւ Ռուսիոյ ու Իրանի դէմ ճակատը ամրացնելու դիտաւորութեամբ): Անոնք խորքին մէջ մրցումի ելած էին՝ իրենց օրակարգերը պարտադրելու խանդով:
Պէ՞տք է ուրախ ըլլանք, որ Արցախի ու Հայաստանի դէմ նիւթուած դաւադրութիւնները որքա՜ն շօշափելի դարձած են, շնորհիւ Ուքրանիոյ տագնապէն բարձրացած փոշիի ամպին (որ թէեւ բաւական թափանցիկ էր, ու չկրցաւ քողարկել Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի նորագոյն սիրաբանութիւնը, շնորհիւ քարիւղի բոյրին):
Ուրախ ըլլալու գլխաւոր պատճառները շատ են. օրինակ, Հայաստան վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս կը հրաժարի Արցախի նկատմամբ պաշտպանական-ապահովութեան երաշխաւոր ըլլալէ. ծնողներ պէտք է ցնծան, որ իրենց զաւակները Արցախի մէջ պիտի չծառայեն. իսկ Հայաստանի սահմանները… որո՞ւ հոգը. Հոն ալ ազերիները կը կրակեն կամ զինուորներ անձնասպան կ’ըլլան: Կը նուիրականանայ Արցախը Հայաստանէն՝ մեր ամբողջական հայրենիքէն դուրս տեսնելու այս իշխանութեան ծրագիրը, ինչպէս որ ճիգ կ’ըլլայ խորացնելու Հայաստան-Սփիւռք վիհը (եւ դեռ այս բոլորին մէջ միայն նախկիններուն մատները ցոյց տուողներ, եւ տեսնող… կոյրեր կան): Ասոնք, յամենայնդէպս, փաշինեանական ինքնաբուխ գիւտեր չեն, այլ թուրք-ազերիական դարաւոր ծրագիրին իրականացման ճամբուն առնուած նոր քայլ մը: Պարզ է, չէ՞. Ալիեւ քանի մը օր առաջ Հայաստանը կ’ամբաստանէր, թէ իր ուժերը չէ հեռացուցած Արցախէն, հետեւաբար՝ «խոչընդոտ կը կանգնի խաղաղութեան դէմ», իսկ անկէ առաջ յաճախ սպառնացած է, որ Արցախի հարցը փակուած պէտք է նկատել, «Զանգեզուրի միջանցքը կրնանք ուժով վերցնել եւ այլն», իսկ Թուրքիա կը պահանջէ մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը, եւ այս բոլոիրին դիմաց, Երեւանէն յամառօրէն (որակումներ չտանք) կը հնչէ «խաղաղութեան էջ եւ ճամբաներ պիտի բանանք»ի սնամէջ ինքնասիրահարութիւնը:
* * *
Արցախէն Հայաստանի ուժերը քաշելու որոշումը յաւելեալ լուսարձակ կը բանայ Փաշինեանի այն յայտարարութեան վրայ, թէ «դուրսերէն կը պահանջեն Արցախի նշաձողին իջեցումը», կամ՝ «Ատրպէյճանին կը վերադարձնենք անոր պատկանած հողերը» (Լաչինի մայր ճամբուն յանձնումի պատրաստակամութեան առիթով): Եթէ 1+1 գումարելը չենք մոռցած (այսօրուան Հայաստանի մէջ, մինչեւ իսկ պատմագէտ ու դիւանագէտ պիտակը կրողներու մէջ տգիտութիւնը սահման չունի), կրնանք դիւրաւ հետեւցնել, թէ ո՛վ էր այդ պահանջը դնողը: Ատրպէյճան – եւ Թուրքիա – հոգեհանգիստ կարդացին նաեւ Մինսքի խումբին առաքելութեան վրայ (անկախ անկէ, որ անիկա ամլութեան եւ անելի մատնուած էր Ուքրանիոյ տագնապին՝ Ռուսիա-Արեւմուտք ճակատումին հետեւանքով), եւ ահա, Երեւանի իշխանութիւնը, մէյ մը Պրիւքսէլ վազելով, ուրիշ օր մը Թիֆլիս փութալով (միջանկեալ հանգրուանները չթուենք), իր կարգին, եւ գործնապէս, վերջնականապէս կը թեքի դէպի թուրք-ազերիական պահանջներու կենսագործում եւ հայութեան ի նպաստ վերջին լաստերու խորտակում:
Պէտք կա՞յ կանգ առնելու այն «մանրուք»ին առջեւ, թէ՝ Արեւմուտքէն փրկութիւն երեւակայողները (եւ որքա՜ն շատցած են իշխանութեան «արեւ»ին շուրջ դարձող չալղըճը-նուագածուները) կ’անտեսեն այն աղաղակող ճշմարտութիւնը, որ Արեւմուտքը… Թուրքիոյ պիտի վստահի Հայաստանի օգնութեան ձեռք երկարելու առաքելութիւնը, ա՛յն Թուրքիոյ, որ իր սուլթանական եւ հանրապետական դարաշրջաններուն, գոնէ Հայաստանի ու հայութեան ուղղութեամբ ունի մէկ տեսլական՝ քարտէզէն վերցնել մեզ: (Իսկ թէ ի՛նչ կ’ընէ Կիպրոսին, Սուրիոյ, Իրաքին, քիւրտերուն, մինչեւ իսկ Լիբանանին եւ ուրիշներուն՝ թող մնայ մեր տեսողութեան հորիզոնէն դուրս): Անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ արդեօք «խաղաղութեան էջ»ին բացումը սպասողները, սահմանազատում երազողները ի՞նչ նախաճաշակ առին՝ տեսնելով, որ Ատրպէյճան ինչպէ՜ս կիրակեց Գորիս-Կապան մայրուղիին իւրացումն ու հայերուս առջեւ անոր փակումը Սոթքի ճամբուն փակումը… (փոխընտրանք ճամբաները ուրիշ պատմութիւն):
* * *
Ընդդիմադիր ճակատն ու գիտակ մեկնաբաններ՝ քաղաքագէտ, դիւանագէտ, զինուորական, պատմագէտ եւ այլք, ահազանգ-ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնեն աղաղակելով. «Ժողովո՛ւրդ, արթնցի՛ր, Արցախը վերջնականապէս կը կորսնցնենք» (փաստօրէն, նորագոյն այս որոշումէն ետք, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ Արցախի մնացեալ մասը որոշ ատեն ետք պիտի չմատնուի Շուշիի, Հադրութի, Քարվաճառի, Գետաշէնի ու Շահումեանի ճակատագիրին): «Ժողովո՛ւրդ, կը բաւէ խաբուիս սնանկ եւ կեղծ՝ խաղաղասիրական հաւաստիքներով»: «Ժողովո՛ւրդ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, բա՛ց աչքերդ եւ տե՛ս, թէ Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ կրնայ պատառ-պատառ դրուիլ թուրք-ազերիական սեղանին, տե՛ս, թէ մեր թշնամիին ախորժակը ինչպէ՜ս կը բացուի իւրաքանչիւր պատառը կուլ տալէ ետք»: «Տե՛ս, թէ իշխանութիւնդ, որուն երկաթէ մանտաթ տուիր,- իր խօսքով,- ինչպէ՛ս կը գործածէ այդ մանտաթը, Հայաստանը եւ քեզ կ’առաջնորդէ թրքական իրողական կամ իրաւական նահանգի մը վիճակին»:
* * *
Պէ՛տք է անդրադառնանք, պէ՛տք է մեր աչքերը բանանք եւ իրազեկ դառնանք, որ Արցախի ու Հայաստանի արձանագրած կորուստները միայն այս խմբակին ուսին չեն ծանրանար, որքա՛ն ալ որ ան ըլլայ պաշտօնական իշխանութիւնը: Կը կորսնցնենք ազգովի՛ն, կը կորսնցնէ մեր ամբո՛ղջ ժողովուրդը, մասնավճարներով կը կորսուի հայրենի՛քը:
Կարելի՞ է տեղ մը կասեցնել այս կորստաբեր վազքը (եւ երեւակայե՜լ, որ հիմա հասած ենք հոն՝ ուր Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան իրագործումն իսկ սկսած ենք նկատել… չարեաց փոքրագոյնը):
Անշու՛շտ որ կարելի է: Կը բաւէ, որ բանանք մեր միտքի՛ աչքերը, լա՛ւ տեսնենք մեր անմիջական եւ հեռաւոր շրջապատի զարգացումները, գործի լծենք մեր բազկի, դիւանագիտական-քաղաքական ներուժը: Ո՞վ ունի այն պատրանքը, թէ մեր ուժականութիւնը լիարժէքօրէն կ’օգտագործուի այս իշխանաւորներուն կողմէ, մինչդեռ անոնք կրկին ու կրկին փաստած են իրենց անկարողութիւնը, կամ լոկ թշնամիին եւ անոր զօրակցողներուն կամակատարը ըլլալը: (Թեհրանի մէջ, եռակողմանի գերաստիճան մը տեղի ունեցաւ եւ յայտնապէս, Իրան մեզմէ աւելի՛ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուաւ Հայաստան-Իրան ցամաքային կապերու անխափան պահպանման մասին (եւ սա միայն մէկ օրինակ է): Ճիշդ է. Հայաստան հոն չէր, սակայն, Աստուծոյ սիրոյն, Հայաստան ո՞ւր է:
Փաշինեանական «քալողներու խմբակը» փաստած է որ տրամադիր չէ, կարող չէ Արցախն ու Հայաստանը փրկելու (ու այս իրականութիւնը չտեսնել յամառողներ կան): Էրտողան-Ալիեւ «պահանջատիրութեան» առջեւ քայլ առ քայլ նահանջելը միայն զիրենք պատասխանատու պիտի չընէ Արցախի ու Հայաստանի կորուստին, մինչդեռ Արցախի ու Հայաստանի փրկութիւնը, կորուստները դարմանելու «ճամբու քարտէզ»ի մը մշակումը համա՛յն հայութեան պատասխանատուութիւնն է: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է օր առաջ վերջ տալ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչը ըլլալու այս իշխանութեան դերակատարութեան: Հայաստան եւ հայութիւնը, հայրենիքով ու սփիւռքեան բազուկներով, ունի՛ն ելք գտնելու ուղեղն ու կրնան վերականգնել կարողականութիւնը, ճակատագիրին տնօրինումը ձեռք առնելու ունակութիւնը: Անոր համար, հայրենիքի հաւատարիմներուն, հայ ժողովուրդի գոյատեւման հաւատացողներուն համախմբումը, միացեալ բռունցք կազմելը դարձած է անյետաձգելի, ընդդիմադիրներուն առաջնահերթ «ճիտի պարտքը»: Այլ խօսքով՝ ընդդիմադիրներուն շուրջ բոլորուելէ այլ ընտրանք չկայ:
Ս. Մահսէրէճեան