ԺԸ.
(Ա. մաս)
 
1965 Դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ- Աւստրիական խումբ մրցումը, մարզաւանի
դաշտին վրայ
 
1- Վիեննական այս խումբը նախքան Լիբանան իր այցելութիւնը յաջող ելոյթ մը ունեցած էր Եգիպտոսի բանակի խումին դէմ եւ կարեւոր յաղթանակ արձանագրած՝ (3-0) արդիւնքով: Նոյնպէս Լիբանանի մէջ, ուր կարգ մը խումբերու դէմ բացառիկ յաղթանակներ արձանագրեց զգալի տարբերութեամբ: Եզրափակիչ մրցումը եղաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին դէմ, եւ խումբը խոնարհեցաւ անոր առջեւ եւ պարտուեցաւ (4-3) արդիւնքով:
 
ՀՄԸՄ-ի խումբը բացառիկ խաղարկութիւն ցուցադրեց, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին։ Մրցումին կէտերը նշանակեցին եղբայրներ խմբապետ Լեւոն (2), Ռաղէպ(1) եւ Ճորճիկ(1):
 
2- Մարզական աւանի դաշտին վրայ, 1966-67 եղանակի ախոյեանութեան առաջին մրցումին, երկար տարիներէ ետք ՀՄԸՄ-ի կազմը բացառիկ, ներդաշնակ եւ վճռական մրցում մը ունեցաւ եւ արդարօրէն արժանացաւ յաղթանակին, (2-0) արդիւնքով պարտութեան մատնելով ՀՄՄ-ի կազմը: Խումբին կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ խմբապետ լեւոն Ալթունեան եւ Ճորճիկ Ռաստկելէնեան:
 
3- 24 Ապրիլ 1967-ին, մարզական աւանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բարեկամական մրցում մը ՀՄԸՄ-ՀՄՄ խումբերուն միջեւ եւ վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի խումբին փառաւոր յաղթանակով, (3-1) արդիւնքով։ Մրցումին կոլերը նշանակեցին՝ Ճորճիկ, Լեւոն եւ Ռաղէպ:
 
4-1968-ի ամրան, Հապիպ Ապի Շահլա մրցաշարքի աւարտականին, ՀՄԸՄ տպաւորիչ խաղարկութեամբ յաջողեցաւ յաղթել Նճմէին, (2-0) արդիւնքով եւ ստացաւ մրցաշարքի բաժակը: Յաղթանակի կոլերը
նշանակեց եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան:
 
5-1967-ի Ապի Շահլայի մրցաշարք:
ՀՄԸՄ-Սաֆա ճակատումը, զտումի մրցումներուն, վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով (4-0) արդիւնքով։ Այս յաղթանակի կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Հրայր, Ռաղէպ, Ճորճիկ եւ խմբապետ լեւոն:
 
6-1967-68-ին, Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ անգամ մը եւս զգետնեց Սաֆայի կազմը, ջախջախիչ պարտութեան մատնելով զայն (5-0) արդիւնքով: Կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Անդանիկ (1), Լեւոն (1), Ճորճիկ (2) եւ Ռաղէպ (1):
 
7- 1968-69 եղանակի ախոյեանութեան կարեւոր մրցում:
Սոյն մրցումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի եւ Իսթիքլալի միջեւ: Երթի մրցումը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ չափազանց դժուար, որովհետեւ հակառակորդ խումբը պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր, որպէսզի իր վարպետին՝ Ռասինկին նպաստաւոր արդիւնք հրամցնէ: Ի վերջոյ յաջորդաբար կազմակերպուած յարձակումները կ՚արդիւնաւորուին, եւ ՀՄԸՄ-ի խումբը կը յաջողի վերջին վայրկեաններուն, Մայք թորոսեանի նշանակած կոլին շնորհիւ, այս կարեւոր յաղթանակը ապահովել:
Դարձի մրցումը, նոյն Իսթիքլալի դէմ ծայր աստիճան կարեւորութիւն կը ներկայացնէր: Որպէս այդպիսին, ՀՄԸՄ-ի հերոս տղաքը խիստ վճռական էին եւ ի գին ամէն զոհողութեան, երթի մրցումին պատկերը բարելաւելու նպատակով դաշտ ներկայացած էին: Այդպէս ալ եղաւ եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներդաշնակ խաղարկութեան շնորհիւ, խումբը յաջողեցաւ չորս գեղեցիկ կոլեր նշանակել, իւրաքանչիւր կիսախաղի երկու կոլ եւ արդարացնել սպասուած արդիւնքը: Այս չորս կոլերը վարպետութեամբ նշանակեց եղբայր Ճորճիկ Ռաստկէլէնեան:
 
8- 1968-69-ի ախոյեանութեան նախավերջին մրցում՝ ՀՄԸՄ-Անսար:
Այս մրցումը ախոյեանութեան տիրանալու կարեւոր բանալի մրցում մըն էր: Խումբին պատասխանատուները հաւաստի աղբիւներներէ տեղեկացած էին, որ մեր մրցակից խումբերէն Ռասինկ լուրջ աշխատանքի լծուած է, շատերուն որոշ խոստումներ տուած, նաեւ այս խումբին, որպէսզի ճիգ չխնայեն արգելք հանդիսանալու ՀՄԸՄ-ին: Մրցումին ընթացքը փաստեց այս մէկը եւ կիսախաղը վերջ գտաւ (2-2) արդիւնքով: Սակայն ՀՄԸՄ-ի անզուգական տղոց վճռակամութիւնը, եւ յաղթելու զօրաւոր կամքը ակնյայտ էին։ Ի վերջոյ ՀՄԸՄ-ի հերոսներուն թափած ջանքն ու աշխատանքը կ՚արդիւնաւորուին, երբ եղբ. ճորճիկ յաջողեցաւ նշանակել երրորդ կոլը, անոր յաջորդեց Ռաղէպի վերջին կոլը եւ
մրցումը վերջ գտաւ (4-2) արդիւնքով:
 
9-1967-ի ամրան, Հապիպ Ապի Շահլա բաժակի աւարտական մրցումը ՌԱՍԻՆԿԻ եւ ՀՄԸՄ-ի խումբերուն միջեւ վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի փառաւոր յաղթանակով, շնորհիւ եղբ. Լեւոնին նշանակած երկու գեղեցիկ կոլերուն։ Մրցումին արդիւնքը եղաւ (2-1)։ ՀՄԸՄ-ի խումբը արդարօրէն տիրացաւ մրցաշարքի ախոյեանութեան բաժակին:
 
Խումբի վաստակաշատ մարզիչն էր
եղբ. Ժոզէֆ Նալպանտեան:
Ճորճ Ռաստկելէնեան