ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կը տեղեկացնէ, որ 20 Յուլիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի անդամ մտաւորականներու, գիտնականներու եւ հասարակական գործիչներու հետ իր հանդիպումը:
Սաղաթէլեանի համաձայն, հիմնական օրակարգային հարցերը եղած են հայրենիքի, պետականութեան, Արցախի դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնց շուրջ հնչած են բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ առաջարկներ։ Այդ ծիրին մէջ խօսուած է նաեւ «Դիմադրութիւն» շարժումին յառաջիկայ քայլերուն եւ ծրագիրներուն մասին:
 
Իշխան Սաղաթէլեան գրած է. «Ներկաներու տարաբնոյթ հարցադրումներուն, կարծիքներուն եւ դիտարկումներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր յայտնի գիծը` պէտք է օր առաջ ազատիլ այս իշխանութիւններէն եւ ձեռնամուխ ըլլալ հայրենիքի վերաշինման»: