Երկրին մէջ գոյութիւն ունի խորհրդարանական ճգնաժամ, քաղաքական ճգնաժամ, եւ եթէ կրկին ապօրինի ու հակասահմանադրական միջոցներով փորձեն ընդդիմութիւնը զրկել իր լիազօրութիւններէն, երկրէն ներս կը տիրէ նաեւ լիարժէք սահմանադրական ճգնաժամ․ «Երկիր Մետիա»-ին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլան՝ ընդգծելով նաեւ, որ ընդդիմութեան հետ սպառնալիքներու լեզուով չեն կրնար խօսիլ, իրենք ուսանող չեն, որ բացակայութիւններու պատճառով կարելիութիւն ունենալ մարդիկը հեռացնել։
 
«Եթե ընդդիմութիւնը Սեպտեմբերին ներկայանայ խորհրդարան, միայն իր օրակարգով պիտի ներկայանայ: Այս հարցին գծով դիրքորոշման փոփոխություն չկայ», ըսաւ ան։
 
Ըստ Սաղաթէլեանի, իշխանական պատգամաւորներու օրակարգը ընդհանրապէս չի սպասարկում հայ ժողովուրդին շահը, իսկ ընդդիմութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները պոյքոթի ենթարկուած են։
 
Ան խորհրդարանական աշխատանքներուն պոյքոթը արդարացուած կը համարէ. շարժումին շնորհիւ է, որ Արցախի հարցով իշխանութեան հռետորաբանութիւնը փոխուած է, բայց ասիկա տակաւին ձեռքբերում չի համարուիր: Ներկայիս «Դիմադրութիւն» շարժումը կազմակերպական աշխատանքներու փուլին մէջ է, իսկ Սեպտեմբերէն սկսեալ պայքարը նոր շունչ ու ոգի պիտի ստանայ։