Հայաստանի գործող իշխանութիւնը կը շարունակէ իր ազգադաւ ծրագիրները: Վերջինը ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործելը արգիլելն է:
 
Միանալով Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչակարգերուն՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը կը հարուածէ հայոց պետականութիւնը՝ պառակտելով հայ ժողովուրդը, արգելակելով արտաքին սպառնալիքներուն հայ ժողովուրդի կենսունակ մասին դիմադրութիւնը, ճամբայ բանալով մեր հայրենիքին նկատմամբ թշնամական դրսեւորումներ ունեցող պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն գործունէութեան:
 
Վարչախումբի աշխատակազմին՝ Մուրատ Փափազեանին Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ համարելու մասին այսօր ներկայացուցած պարզաբանումը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ՝ իրականութիւնը կեղծելու, սուտը ճշմարտութեան տեղ ներկայացնելու, սեփական անձը պետութեան հետ նոյնականացնելու, Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները ոտնատակ տալու հերթական ապացոյց:
 
Հայաստանի գործող վարչախումբը անընդհատ կը փաստէ, որ կը շարժի հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդի ոչնչացման թուրք-ատրպէյճանական նպատակային ծրագիրներով:
 
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը խստիւ կը դատապարտէ վարչակարգի այս քստմնելի եւ դաւաճանական հերթական արարքը, կը յայտարարէ, որ նման ապօրինութիւններով եւ պառակտիչ գործողութիւններով կարելի չէ կանխել «Դիմադրութեան» շարժումը, որ ուղղուած է հայոց կենսունակ պետականութեան արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ: Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգին հեռացումը այլընտրանք չունի:
 
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
22 Յուլիս 2022