ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու բացման հանդիսութեան հանդէս եկաւ հետեւեալ ողջոյնի խօսքով։
Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու յարգելի պատասխանատուներ,
պատուարժան հիւրեր եւ սիրելի հարազատներ,
 
ՀՄԸՄ-ը իրաւացիօրէն հայ ժողովուրդի նուիրեալ, երիտասարդ եւ ամենամեծ կամաւոր բանակն է, որ նահատակ ցեղի անմահ մնացորդացէն կերտեց նպատակասլաց, պինդ ու հայրենանուէր տորմիղ՝ ամենուրէք ծառայելու համար հայ ազգին, եւ ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական ոլորտներէն ներս: Մէկ խօսքով՝ Հայ արիներու այս բանակը ոչ միայն ինքնակատարելագործման, մարմնով, մտքով բարձրանալու առաքելութեան է նուիրուած, այլ յատուկ ջանքի է լծուած մեր երիտասարդութիւնը մղելու նոր նշաձողեր յաղթահարելու՝ մարդկային ազնւութեան, գաղափարապաշտութեան եւ հայկական մաքուր դիմագծի կերտման մարզերէն ներս: Այս հնոցէն կոփուող երիտասարդը կը պատրաստուի դիմագրաելու համամարդկային ու համահայկական մարտահրաւէրները միաժամանակ:
 
Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած այս մեծ կազմակերպութիւնը անմիջապէս հասաւ 1918ին նոր անկախացած հայրենիք, իսկ անկախութեան կորուստէն ետք ինքն ալ դարձաւ տարագիր՝ եւ կեդրոնացաւ հայ Սփիւռքի մէջ իր կառոյցը ամէնուրէք արմատաւորելու գործին վրայ. Եւ ահա, ի մեծ ուրախութիւն բոլորիս, ՀՄԸՄը վերագտած է իր համահայկական առաքելութիւնը 1991-էն սկսեալ եւ այսօր կը հանդիսանայ հայրենիք-Սփիւռք կամրջող մեծ օղակ:
 
Ինչպէս միշտ, ՀՄԸՄի ԿՎ համահայկական ու հայրենի ամէն նախաձեռնութիւն կը սկսի «Եռաբլուր» այցելութեամբ՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու համար մեր նահատակներուն: Խիստ գնահատելի այս քայլը արդէն անքակտելի սովորութեան է վերածուած:
 
Մեծ ժառանգութեան տէր ՀՄԸՄը այսօր ալ մեր հպարտութեան աղբիւրն է եւ ազգային անխորտակելի կամքի մարմնաւորումը: Վստահ ենք, որ ան շարունակաբար պիտի համախմբէ սերունդներ, գօտեպնդէ ազգային գաղափարախօսութեամբ, մղէ հայապահպանման, հայակերտման եւ հայ դատի պայքարի մարդկային ու հայկական ամենէն ազնիւ, պարկեշտ, նուիրեալ ու նպատակասլաց իդէալներով:
 
Սիրելիներ,
 
Սրտի այս խօսքս կ’ուզեմ փակել Անդրանիկ Ծառուկեանի ՀՄԸՄին ալ այնքան պատշաճող փոթորկաշունչ պատգամով եւ Արարատին ուղղուած Ուխտով՝
 
«Պիտի շարքերը մեր խըրոխտ փոթորկին
Մեր պապերուն ի խնդիր սուրբ երազին…
Պիտի փշրի՛ն մեզ իրարմէ անջատող
Ճակատագրին սեւ պատնեշները բոլոր…
 
– Տե՛ս մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի,
Տե՛ս մեր կարօտը՝ խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս մեր հոգին՝ քու ձեռքերուդ պես մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պես ամուր,
Եվ հավատա՛, կրանիտեայ ո՛վ աստուած,
Սրբազա՛ն լեռ, հավատա՛,
Որ կը հասնինք, մենք կը հասնինք կատարիդ…: »
 
Վարձքը կատար ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստանի ՀՄԸՄ-Հասկի վարչութեան եւ բոլոր ներկայ քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք հայրենի երկնակամարին տակ համախումբ կատարելու են իրենց առաքելութիւնը:
Լիակատար յաջողութիւն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
 
ՅՏԽ
2022-7-22