ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Աննա Գրիգորեան եւ Արթուր Խաչատրեան 22 Յուլիսին հանդիպած են Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու կոմիտէի նախագահ Տէյւիտ Մքալիսթերի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Տէյւիտ Մքալիսթեր յայտնած է, որ կը փափաքի ծանօթանալ խորհրդարանական ընդդիմութեան տեսակէտներուն եւ առաջարկներուն` ներքաղաքական զարգացումներուն առնչուած, ՀՀ կառավարութեան կողմէ վարուող արտաքին քաղաքականութեան, անոր այլընտրանքներուն եւ այլ հարցերուն:
 
Խմբակցութեան անդամ Աննա Գրիգորեանի համաձայն, պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած է մեր երկրին համար դժուարին ժամանակներու մէջ, երբ շատ լուրջ սահմանային խնդիրներ կան Ատրպէյճանի հետ, երբ լուծուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, երբ ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ առայսօր կը գտնուին այնտեղ` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ: Աննա Գրիգորեան ընդգծած է, որ եթէ չլուծուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, հակամարտութեան աւարտին մասին խօսիլը կարելի չէ: «Կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծել հետագայ բանակցութիւններուն միջոցով», շեշտած է ան:
 
Խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան ներկայացուցած է ԼՂ հակամարտութեան հարցը` անդրադառնալով անոր կարգաւորման ուղիներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք յայտնի սկզբունքներուն:
Խմբակցության անդամները նաեւ անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէն հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղային զտումներու քաղաքականութեան ԼՂ-ի մէջ: «Պէտք է յարգուի ԼՂ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Ուժեղացուցէք անվտանգային իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ընդգծած է Արթուր Խաչատրեան` դիմելով եւրոպացի գործընկերներուն: