Կիրակի, 24 Յուլիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ պայթուցիկ նիւթերով պատուած ինքնաթիռ մը արձակեցին դէպի Համայի հիւսիսային Սքէլպիէ քաղաքին ուղղութեամբ, ուր տեղի կ՚ունենար եկեղեցական արարողութիւն մը՝ «Այա Սոֆիա» եկեղեցւոյ բացումին առիթով։
Սքէլպիէի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ ահաբեկչական այս յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան մէկ, 12 վիրաւոր եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։