Երկուշաբթի, 25 Յուլիս 2022-ին, Սուրիոյ կրթութեան նախարար դոկտ. Տարէմ Թապաա յայտարարեց, որ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանը սկիզբ պիտի առնէ 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, իսկ ուսուցչական կազմին եւ վարչական պաշտօնեաներուն աշխատանքը պիտի սկսի 28 Օգոստոս 2022-ին։
Նախարարը աւելցուց, որ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանը պիտի աւարտի 25 Մայիս 2023-ին։