Երեքշաբթի, 26 Յուլիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ – Ասատ ընդունեց Ճազաէրի արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լմաամրա։
Սուրիոյ եւ Ճազաէրի միջեւ եղբայրական եւ պատմական յարաբերութեան ամրապնդումը նախագահ Ասատին եւ Լմաամրային միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան գլխաւոր վերնագիրն էր։
 
Իր կարգին նախարար Լմաամրա նախագահ Ասատին փոխանցեց Ճազաէրի նախագահ Ապտուլ Մաճիտ Թապպունի նամակը, որուն մէջ վերջինը շեշտած էր երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ խորհրդակցութեան գոյատեւման կարեւորութիւնը, յատկապէս Ճազաէրի մէջ տեղի ունենալիք արաբական գագաթնաժողովին շրջագիծին մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրիան։
Իր կարգին նախագահ Ասատ իր ողջոյնները փոխանցեց Ճազաէրի նախագահին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճազաէրի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ հանդէպ իրենց ունեցած աջակից կեցուածքին եւ հաւատարմութեան համար, աւելցնելով, որ Սուրիա փափաք կը յայտնէ Ճազաէրի հետ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու եւ եղբայրական յարաբերութիւնը ամրապնդելու։
Անդրադառնալով Արաբական Լիկային, Նախագահ Ասատ ըսաւ. «Արաբական Լիկան արաբական իրավիճակին հայելին է։ Սուրիոյ մէջ մեզ կը հետաքրքրէ միջարաբական գործակցութիւնը, ուստի, մենք բարձր կը գնահատենք Ճազաէրի կեցուածքն ու մշտական գործակցութիւնը Սուրիոյ հետ»։
Իր կարգին նախարար Լմաամրա շեշտեց, որ Սուրիան արաբական հարթակին մէջ անփոխարինելի մասնիկ է եւ Արաբական Լիկայի հիմնադիր անդամ է։ Ան հաստատեց, որ արաբական աշխարհը խիստ կարիք ունի Սուրիոյ, ո՛չ թէ հակառակը, աւելցնելով, որ արաբական յառաջիկայ գագաթնաժողովին որպէս նախապատրաստութիւն՝ Ճազաէր Սուրիոյ հետ պիտի համադրէ արաբական եւ միջազգային հարցերու շուրջ քննարկուելիք բոլոր կէտերը, յայտնելով Ճազաէրի բուռն փափաքը՝ Սուրիոյ հետ եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման։