Հայաստանի մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը կը հաղորդէ, որ 30 Յուլիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ գործակցութեամբ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը Հալէպի բուժհաստատութիւններուն հերթականօրէն փոխանցած է 3,5 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:
Սուրիոյ առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ ամէնօրեայ օժանդակութեան համար: