ԺԸ.
 
Առաջին հերթին յատուկ շնորհակալութիւն եւ յարգանք Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին, ի մասնաւորի ֆութպոլի խումբի խաղընկերներուս եւ սիրելի մարզիչին՝ եղբ. Ժոզէֆ նալպանտեանին, որոնք ՀՄԸՄ-ականի ազնիւ ոգիով ու գիտակցութեամբ, բծախնդիր կարգապահութեամբ, անսակարկ նուիրումով, յարատեւ ջանքով ու լրջութեամբ, մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի «բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանին հաւատարմութիւն ցուցաբերելով մեծապէս նպաստեցին անոր գոյատեւման, վերելքին ու յաջողութիւններուն։
Անոնք շարունակեցին ճոխացնել անցեալի գեղեցիկ ու անմոռանալի պատմութեան էջերը:
Այս պանծալի էփերը հարկ է մասունքի պէս պահել խեղաթիւրումէ եւ փոխանցել ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին, մանաւանդ նորահաս սերունդներուն։
 
Ձեզի կը փոխանցեմ այս յաղթանակներուն երկրորդ մասը։
 
1- 1966-1967-ի ախոյեանութիւն,
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը ի վերջոյ յաջողեցաւ կազմակերպել 66-67-ի ախոյեանական մրցումները, որոնք տարիներէ ի վեր տեղի չէին ունեցած:
1966-67 տարեշրջանի արժանաւոր ախոյեանը եղաւ Մազրան: Բոլոր խումբերուն համար ալ ախոյեանութեան մրցումները եղան չափազանց դժուար, այն պատճառով , որ բոլոր կազմերն ալ գրեթէ հաւասար ուժերով հանրութեան կը ներկայանային: Մազրա, Նըճմէ, Ռասինկ եւ ՀՄԸՄ համարժէք խումբեր էին, սակայն Մազրան յաջողեցաւ տիրանալ ախոյեանութեան:
ՀՄԸՄ-ի խումբը 1967-ին եւս եղաւ լիբանանեան ամէնէն կանոնաւոր ,եւ զօրաւոր խումբը: Ախոյեանութեան հակառակ մրցումներուն Մազրա ակումբին կազմակերպած առաջին դասակարգի ակումբներու մասնակցութեամբ, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ Հապիպ Ապի Շահլայի եւ Սալամի ակումբի կազմակերպած մրցաշարքերու բաժակներուն տիրանալ տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերելէ ետք:
 
2- 1967-1968-ի ախոյեանութիւն։
Այս եղանակի ախոյեանութիւնը իր սովորական ժամանակին, Աշնան սկիզբը տեղի չունեցաւ: Շրջան մը ետք, Կիրակի ,11 Փետրուար1968-ին, ֆութպոլի եղանակի բացումը կատարուեցաւ, սակայն հազիւ երեք շաբաթ անց, երբ իւրաքանչիւր խումբ երեք մրցումներ կատարած էր արդէն, չորրորդ շաբթուան սկիզբը մրցումը կանգ առաւ, երբ ՀՄԸՄ-ի խումբը դաշտ չներկայացաւ, որովհետեւ իր գրաւոր բողոքի նամակը ֆետերասիոնին կողմէ լուրջ քննութեան չէր ենթարկուած:
ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը գրաւոր նամակով կը բողոքէր Սաֆա ակումբի կատարած հակականոնագրային արարքին դէմ։ Վերջինս երկու օտար խաղացողներով կը փորձէր իր խումբը զօրացնել ախոյեեանական մրցումներու սկսելէն ետք, ինչ որ յստակ օրինազանցութիւն էր: Այս հարցով լուրջ դէպքեր ընթացք առին ու զարգացան եւ պատճառ դարձան, որ մրցումները կանգ առնեն երեք շաբաթ ետք։ Ապա անորոշ թուականով յետաձգուին մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան Ապրիլի ընքացքին:
Վերջապէս Ֆետերասիոնի անդամներու միջեւ տարակարծութիւնները զարգացան եւ ի վերջոյ ան հարկադրուած իր գրաւոր հրաժանականը դնելու ներքին նախարարին տրամադրութեան տակ։ Եւ այսպէս ,1967-1968 եղանակի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը վերջնականապէս ջնջուեցաւ:
Ոչ ախոյեանութիւն, ոչ ալ ախոյեան: Ցաւալի ու տխուր վախճան լիբանանեան 1967-1968 ֆութպոլի ախոյեանութեան:
 
3-1968-1969 եղանակի ախոյեանութիւն٠
 
1968-1969 եղանակի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը եղաւ դժուար, սպառիչ, բայց չափազանց հետաքրքրական: Պայքարը եղաւ սուր եւ վճռական: Երեք խուբերը՝ ՀՄԸՄ, Ռասլինկ եւ ՀՄՄ, հաւասար կէտերով կը սուրային տիրանալու ախոյեանութեան ու բաժակին:
Հաւասարութեան պարագային, կոլերու տարբերութիւնը պիտի վճռէր ու որոշէր ախոյեան խումբը: Այդպէս ալ եղաւ: իւրաքանչիւր խումբ 30 կէտ ունէր։ Վերջին մրցումը պիտի վճռէր ախոյեան խումբը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը խիստ կարիքը ունէին յաղթելու եւ հինգ կոլեր նշանակելու, այլապէս պիտի կորսնցնէին այս ոսկի առիթը: Ջիղերու լուրջ եւ անբնական պատերազմ: Սուրհանդակ հերոս տղաքը կայծակի արագութեամբ դաշտէ դաշտ կը շտապէին՝ հակառակորդ խումբին արդիւնքը խումբի պատասխանատուին հասցնելու: Մեզի ոչինչ կը փոխանցուէր։ Մենք մեր ամբողջ լուրջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էինք Մազրայի դէմ մեր կատարլիք մրցումին վրայ: հակառակ մտահոգիչ կացութեան, բոլորիս տրամադրոթիւնը բարձր էր եւ յաղթանակը ապահովելու վճռակամութիւնը, ՀՄԸՄ-ի գերագոյն շահերը ամէն բանէ վեր դասելու հաստատ որոշումը եւ մեր ժողովուրդի երազը իրականացնելու տենչը մեր առաջնահերթ, ազնիւ պարտականութիւնն էր:
ՀՄԸՄ յաջողեցաւ մրցումի առաջին վայրկեանէն դաշտին տէրը դառնալ եւ հակառակորդին բերդը տեղատարափ անձրեւի նման ռմբակոծել: Հակառակ իրաւարարներու դիտումնաւոր ստեղծած դժուարութեանց, ՀՄԸՄ-ի աննման հերոսները, առանց բացառութեան բոլորը, յաջողեցան խորտակել հակառակորդին բերդը, սակայն տղոց արձանագրած երեք կոլերը (Լեւոն 1, Յակոբիկ 2) միայն նկատի ունեցան իրաւարարները:
Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեաններուն, Ռաղէպ յաջողեցաւ անհատական ջանքով գեղեցիկ կոլ մը նշանակել, սակայն (4-0) արդիւնքը բաւարար չէր, հինգերորդը հրամայական էր եւ անխուսափելի պահանջք, այլապէս աւաղ պիտի ըսէինք բոլորս:
Եւ վերջապէս հասաւ փրկութեան ժամը : վարպետ խմբապետ Լեւոնին ճշգրիտ փոխանցումով, Ճորճիկ յաջողեցաւ ուժգին հարուածով գնդակը հակառակորդի բերդէն ներս զետեղել: Բոլորիս ուրախութիւնը երկար չտեւեց: Կողմի իրաւարարին դրօշակը եկաւ յուսախափ ընելու մեզ բոլորս եւ ջնջելու ճշգրիտ ու անվիճելի այս կոլը։ Յառաջխաղացքը շարունակուեցաւ աւելի մեծ թափով եւ երկու վայրկեան ետք Լեւոնի եւ Ճորճիկի միջեւ «սոլօ»-ի ճշգրիտ եւ արագ փոխանցումները արդիւնաւորուեցան եւ Ճորճիկ նոյն ձեւով եւ նոյն հեռաւորութենէն (մեծ քառակուսիէն դուրս) նշանակեց յաղթանակի կոլը:
Իրաւարները ընելիք չունէին, տեղի տուին եւ խոնարհեցան ՀՄԸՄ-ի աննկուն կամքին առջեւ:
ՀՄԸՄ-ի տղոց դէմքերուն վրայ ուրախութիւնը կը փայլէր, հպարտութիւնը կը խայտար, գոհունակութունը կը շողար։ Դաշտի թրիւպիններու խուռներամ ՀՄԸՄ-ականներու եւ համակիրներու հնչեցուցած քայլերգը եւ ազգային երգերը կը լսուէին աւելի քան բարձր, իսկ անսահման ուրախութիւնը կ՛ողողէր բոլորին սրտերն ու հգիները։
Վերջապէս իրականացաւ ՀՄԸՄ-ականներու արդար փափաքը։ ՀՄԸՄ տիրացաւ1968-1969-ի Լիբանանի ֆութպոլի բացառիկ ախոյեանութեան տիտղոսին, շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի անդամներուն, Համակիրներուն եւ բարեկամներուն գործակցութեան եւ զօրակցութեան:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին: Պարծանք ու գնահատանք ՀՄԸՄ-ի աննման եղբայրներուս, որոնք ՀՄԸՄ-ականի բարձր գիտակցութեամբ, կարգապահութեամբ, գործակցութեամբ անկարելին կարելի դարձուցին, գլխաւորութեամբ խումբի վաստակաշատ խմբապետ (ուստա) Լեւոն Ալթունեանի եւ խոհեմ մարզիչ եղբ. ժոզէֆ Նալպանտեանի, որոնք ՀՄԸՄ-ի փառաւոր պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով այս նուաճումը արձանագրել տուին:
 
1968-1969-ի ախոյեան Խումբի եղբայրներն էին՝
Հրայր- Յակոբիկ- Ճոքի- Եղիշ- Լեւոն- Միկէ, Աբօ, Ճորճիկ, Մայք, Կարօ, Աբօ2, Յովհաննէս, Զաւէն, Յակոբ, Վարուժ, Նատէր եւ Ռաղէպ:
 
Ծնթ.։ Առաջին խմբանկարը 1966-1967-ի խումբն է, յաջորդը 1967-1968-ի, իսկ վերջին խմբանկարը1968-1969-ի ախոյեան խումբի: Ազդակ օրաթերթի էջերը կը հաստատեն, որ 1967-1968-ի ախոյեանութիւնը ջնջուեցաւ:
Ճորճ Ռաստկելէնեան