«Արմէնփրէս»- Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, Չորեքշաթբի, որ ժամը 15:00-ի սահմաններուն, շփման գիծի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, խախտելով զինադադարը, կիրառած են հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, որուն հետեւանքով զոհուած է պաշտպանութեան բանակի մէկ զինուորական ծառայող, իսկ 8 ուրիշներ վիրաւորուած են: