Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական Հոգեւոր Պետերու ամրան շրջանի վերջին ժողովին, Ասորի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս, հիւրընկալութեամբ՝ Ասորի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Անթուան Շահտա Սրբազանին, ներկայութեամբ՝ քրիստոնեայ եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերուն:
Սրբազան հօր կ’ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Ժողովին արծարծուեցան եկեղեցիները յուզող տնտեսական, կրթական եւ ընկերային զանազան հարցեր։
Ժողովը ընթացաւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ եւ առիթ հանդիսացաւ կարծիքներու փոխանակման։