Ուրբաթ, 29 Յուլիս 2022-ին, հայ երեք հոգեւոր պետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցան Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան հետ, հայ աւետարանական համայնքի Բեթէլ եկեղեցւոյ «Սողոմոնեան» սրահէն ներս։
Հանդիպումին արծարծուեցան Հայ Ծերանոցին դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն  լոյսին տակ։
Երեք համայնքապետները խորհրդակցելով խնամակալներուն հետ՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու ձեւեր որոնեցին։ Այս առիթով, անոնք գնահատեցին խնամակալութեան տարած աշխատանքը։