Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շառլ Միշէլ թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ քննարկած է վերջին զարգացումները։
 
«Ես առանձին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած եմ նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ՝ տարածաշրջանի մէջ առկայ վերջին զարգացումներուն հետ առնչուած», գրած է ան։
 
Շառլ Միշէլ յայտարարած է, որ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ հանդիպումի բանալին երկխօսութիւնը շարունակելն է։
 
«Տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն մասին առանձին զանգեր ունեցած եմ նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։ Միատեղ կ’աշխատինք՝ ապահովելու համաձայնութիւն եւ բաց կապեր», իր թուիթըրեան միքրոպլոկին վրայ գրած է Շառլ Միշէլ։