ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը 6 Օգոստոսին հրապարակած է սփիւռքի Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին.
 
“Օգոստոսի առաջին օրերէն Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի դիրքերու եւ զօրամասերի ուղղութեամբ ատրպէյճանական նախայարձակ յարձակումը դատապարտելու եւ Ատրպէյճանի լկտի պահուածքը վերացնելու համար Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կատարած են լայնածաւալ յարաբերական աշխատանքներ՝ միջազգային գործընկերներուն պարզաբանելով, որ ատրպէյճանական յարձակումին նպատակը Արցախը շարունակապէս ցեղային զտումի ենթարկելն է եւ Արցախի ժողովուրդին համար գոյութենական նշանակութեան անյաղթահարելի հարցեր ստեղծելը, ինչպիսին օրինակ Լաչինի միջանցքի նկատմամբ վերահսկողությշեան հաստատման փորձն է՝ հակառակ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան, որով Լաչինի միջանցքը կը գտնուի բացառապէս ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տիրոյթին տակ։
Ատրպէյճանական յարձակումին միջազգային հանրային դիւանագիտութեան շրջանակներուն մէջ հակազդելու գործին լծուեցաւ Հայ Դատի գրեթէ ամբողջ կառոյցը։ Աւելի մեծ աշխուժութիւն դրսեւորեցին Հայ Դատի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբերը, ինչպէս նաև Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը։ Վերջինս Հայ Դատի միջազգային ցանցին կ’ապահովէր տեղւոյն իրավիճակի զարգացումներու մասին հաւաստի տեղեկութիւններ։
 
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամներուն անյապաղ իրազեկած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին՝ խնդրելով դատապարտել ատրպէյճանական յարձակումը, դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը, եւ Ատրպէյճանի մասով վերանայումի ենթարկել 2023_ի համար ԱՄՆ արտաքին օժանդակութեան ֆոնտը եւ «Ազգային պաշտպանական արտօնութիւնների շարժումը», ինչպէս նաեւ վերականգնել 907-րդ բանաձեւի կիրարկումը։
 
Ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտել եւ Պետական բաժինը ու Եունեսքօն Ալիեւի սանձարձակ պահուածքին վերջ տալու կոչով հանդէս եկած է Քոնկրեսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահ Ֆրանք Փալօն։ Ատրպէյճանը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ քոնկրեսական Ճէքի Սփեյեր՝ ամերիկեան գործադիր իշխանութեան կոչ ուղղելով դադրեցնել Ատրպէյճանին յատկացուող ամերիկեան օժանդակութիւնը։
 
Աւելի ուշ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են եւ ատրպէյճանական յարձակումը խստօրէն դատապարտած են ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես, քոնկրեսականներ Պրետ Շերման, Ատամ Շիֆ, Ճենիս Շաքովսքին, Լորի Թրահան։
 
Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը ատրպէյճանական յարձակումներու առաջին ժամերէն ուժգին աշխատանքային կապ պահած է Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու եւ Արցախեան հիմնախնդիրին առնչուող ԵՄ ղեկավար այլ կառոյցներու հետ։ Գրասենեակը նաեւ յայտարարութիւն տարածած է եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութենէն պահանջած է՝ հրաժարիլ հաւասարակշռող յայտարարութիւններէն եւ իրերը իրենց անունով կոչել, Ատրպէյճանին ստիպել դադրեցնել ցեղային զտումի քաղաքականութիւն Արցախի մէջ, Ատրպէյճանի կողմէն իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւններուն տալ թիրախային արժեւորումներ եւ կանխել Թուրքիոյ զինուորական ներգրաւումը հակամարտութեան մէջ եւ այդ պետութեան կողմէն տարածաշրջանի ապակայունացումը։
 
Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը նկարագրող գրութիւն ուղարկած է Աժանթինի Ազգային Գործերու Նախարարութեան եւ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն։ Հայ Դատի Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի յանձնախումբերը համապատասխան գրութիւններ հասցէագրած են հարաւամերիկացի լրագրողներուն եւ մարդու իրաւունքներով զբաղող կազմակերպութիւններուն։
 
Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը յարաբերական աշխատանքներ կատարած է քանատական իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր թեւի ներկայացուցիչներուն հետ։ Կատարուած աշխատանքներու արդիւնքները հաւանաբար տեսանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ օրերու ընթացքին:
 
Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբը նամակ հասցէագրած է Հունաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ ներկայացնելով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու ԵՄ ղեկավարութենէն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն պահանջելով ուղղակիօրէն դատապարտել ատրպէյճանական յարձակումները, վերջ տալ ոչ որոշակի խօսոյթին, դադրեցնել Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող ցեղային զտումի քաղաքականութինն ու կանխել Արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներգրաւումը։
 
Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբի գործողութիւններուն հետեւանքով Եւրոպական Խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր, ԵԽ-ի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս, դատապարտելով ատրպէյճանական յարձակումը, դիմած է Եւրոպական յանձնաժողովին՝ կոչ ուղղելով անյապաղ եւ պարտադրողական նախաձեռնութիւններ կիրառելու եւ ստիպելու Ատրպէյճանին դադրեցնել յարձակումը։
 
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը յայտարարութիւն տարածած է 5 Օգոստոսին, որով Աւստրալիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին օրերու ընթացքին ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն վրայ՝ մանրամասնելով անոնց բնոյթն ու հեռահար նպատակները՝ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ ցամաքային կապը խափանելու ատրպէյճանական ծրագիրը”։