Երկուշաբթի, 8 Օգոստոս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը սաստկացուցին իրենց գրոհը Հասիչէի արուարձանի Տրպէսիէ քաղաքին «Ճաթալ» գիւղին եւ «Ապու Ռասին» աւանին վրայ, որուն հետեւանքով բնակիչները տեղահանուեցան եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով վնասուեցաւ նաեւ շրջանին «Syriatell» հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընկերութեան աշտարակը։
Աղբիւրը յայտնեց, որ թրքական ուժերը բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին նաեւ Գամիշլիի եւ Ամուտայի գիւղերուն ուղղութեամբ։