Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ շնորհաւորական խօսք ուղղեց սուրիական բանակի հերոսներուն՝ սուրիական բանակին հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով: Նախագահը ըսաւ. «Ձեր տօնին առիթով, մեծ հպարտութեամբ կը վերյիշենք ձեր նախնիներուն ձեռքբերած հզօր յաղթանակները, որոնք անմահացած են մեր յիշողութեան մէջ եւ այսօր կը խրախուսեն մեզ շարունակելու յաղթանակի եւ պայքարի ճանապարհը՝ անսասան, առանց տատամսումի եւ ետ դարձի»։ Նախագահը եզրափակելով ըսաւ. «Փառք ու պատիւ սուրիական բանակի նահատակներուն, շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն, բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն Սուրիոյ, որուն պաշտպանն ու հպարտութիւնն էք դուք»։