Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախօրեակին, Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ներկայութեամբ՝ ազգայիններու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
Հայ Եկեղեցւոյ խորհրդաւոր եւ բովանդակալից շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. բժ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի:
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի քարոզին բնաբանն էր՝ օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածը. «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի» (Ա. Կր 6.15-7.11): Հայր Սուրբը բարձրաձայն խորհրդածութեամբ պատուիրեց հաւատացեալներուն, որպէսզի իրենց մարմինները մաքուր պահեն եւ արժանի դառնան Սուրբ Հոգիին բնակարանները դառնալու:
Ան օրինակ բերելով Աստուածամօր մաքրամաքուր կենցաղը եւ մայրական գութը, հրաւիրեց ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակները դաստիարակեն սիրով եւ գուրգուրանքով, որպէսզի հասակ առնելով դառնան Սուրբ Հոգիին բնակարանները եւ Աստուծոյ փառքին համար ծառայեն:
Հայր Լեւոն, իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, պատարագելու այս գեղեցիկ առիթը ընծայելուն համար:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, աղքատախնամը, դպրապետը եւ դպրաց դասը, որոնք նուիրուածութեամբ կը ծառայեն եկեղեցիէն ներս: Ան շնորհաւորական խօսք ուղղեց նաեւ ազգային իշխանութեան, ազգային մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, մաղթելով, որ բոլորին մասնակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցին առաւել ծաղկի եւ պայծառանայ:
Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Յիշենք, որ յառաջիկայ Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք պիտի կատարուի Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։