Հայստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը (այսուհետեւ՝ ԱԻՆ) կը տեղեկացնէ որ 14 Օգոստոսին, Երեւանի ժամանակով ժամը 13։23ին, «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնէն ներս պայթում տեղի ունեցած է։
Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական Ծառայութեան հրշէջ֊փրկարարութեան ջոկատներէն վեց մարտական հաշուարկ, հրդեհի շիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժինի հերթապահ խումբերն ու հոգեբանական աջակցութեան բաժինի հերթապահ հոգեբանը։
Նոյն օրը ժամը 16։30֊ի դրութեամբ, պայթումի հետեւանքով բժշկական կեդրոններ փոխադրուած անձերուն թիւը հասած է 51-ի։ Զոհուած է 5 անձ, կան անհետ կորածներ։