Արցախի կառավարութեան շէնքին մոտ հաւաքուած խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ի աջակցութիւն Բերձոր, Աղաւնօ եւ Սուս բնակավայրերուն: Անոնք իրենց հետ բերած են պաստառներ՝ «Եղի՛ր պահանջատէր, պաշտպանէ՛ քու իրաւունքներդ քու հողիդ վրայ» գրութեամբ: Անոնք համոզուած են, որ ցանկութեաան պարագային կարելի է իրավիճակը շտկել: Չեն վստահիր ոչ մէկ իշխանութեան, որ մինչ այսօր եղած է ՀՀ-ի մէջ: Կ’ըսեն, որ անկուսակցական են ու կոչ կ’ուղղեն միանալու իրենց:
Յիշեցնենք, որ 5 Օգոստոսին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ ԱՀ ՏԿԵ նախարար Հայկ Խանումեան հանդիպած է Քաշաթաղի շրջանի բնակիչներուն հետ։ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցումին համաձայն, տեղւոյն բնակչութեան, համայնքի եւ շրջանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ միասին Խանումեան քննարկած է Աղաւնոյի, Ներքին Սուսի եւ Բերձորի բնակչութեան՝ մինչև սոյն թուականի 25 Օգոստոսի տարհանման հարցերը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Յունիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ այն տարածքները, որոնք չեն գտնուիր նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմաններուն մէջ, պիտի անցնին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Ան յայտնած է, որ խօսքը Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի մասին է։