Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Ափրիկէի Հարաւային Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութեան փոխնախարար Եքանտէս Մաշիկօ Տալամինին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
 
Նախագահ Ասատ Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հարաւային Ափրիկէի հետ երկրի յարաբերութիւնը զարգացնելու՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներուն։
Նախագահ Ասատ շեշտեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը միայն բանակներու մղած զինուորական գործողութիւններուն միջոցաւ տեղի չ՚ունենար, ծայրայեղական մտածելակերպը արագօրէն, համացանցի միջոցաւ ժողովուրդին մէջ կը տարածուի։ Այստեղ կարիքը պը զգացուի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնեանց զարգացման եւ ամրապնդման կարեւութիւնը, յատկապէս մշակութային եւ տնտեսական ոլորտնելուն մէջ»։
Նախագահ Ասատ Հարաւային Ափրիկէի անկախ պետութիւնը նկարագրելով ըսաւ, որ ան ըլլալով անկախ պետութիւն, կը յարգէ իր սկզբունքները եւ քաղաքական գետնի վրայ ունի կարեւոր դիրք, թէ՛ որպէս պետութիւն եւ թէ՛ որպէս քարիւղ արտադրող երկիրներու ընկերակցութեան անդամ։
Նախագահ Ասատ աւելցուց. «Հարաւային Ափրիկէն զօրավիգ կանգնեցաւ եւ կը շարունակէ կանգիլ Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ։ Ան կը հաստատէ Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Կոլանը Սուրիոյ կցելու արդար պահանջը»։
Իր կարգին Տալամինի յայտնեց, որ Ափրիկէն երկար տարիներ խաղաղութեան հասնելու համար պայքարեցաւ։ Այդ օրերուն Սուրիա նեցուկ կանգեցաւ Հարաւային Ափրիկէին։ Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ աջակից կեցուածքը»։
Տալամինի դիտել տուաւ, որ ներկայ իրավիճակը կը պահանջէ ամրագրել փոխադարձ աջակցութեան վրայ հիմնուած բարեկամութիւնը։
Ապա աւելցուց. «Հակառակ Սուրիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ եղած աշխարհագրական հեռաւորութեան, կայուն կը մնայ մեր գործակցութեան եւ աշխոյժ յարաբերութեան ամրապնդման միացեալ կամքը», շեշտելով, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի երկու երկիրներուն միջեւ փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրելու տարբեր ոլորտներու գծով։