Երեքշաբթի, 23 Օգոստոս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսք առնելով ըսաւ. «Նախ եւ առաջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին ողջոյնները կը փոխանցեմ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Ռուսիոյ մաղթելով բարգաւաճում եւ յաղթանակ Ուքրանիոյ դէմ իր պատերազմին մէջ»։
Նախարար Մըքտատ այնուհետեւ ըսաւ, որ ռուս-սուրիական յարաբերութիւնը յառաջդիմած է, իսկ ներկայիս աւելի կը զարգանայ, որովհետեւ երկու բարեկամ ժողովուրդները կը ձգտին միասնաբար աշխատանք տանիլ միջազգային ապահովութեան պահպանման համար։ Այս իսկ պատճառով, Ռուսիա տարբեր ոլորտներու մէջ Սուրիոյ աջակցութիւն կը տրամադրէ։
Ապա նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն, Սուրիոյ, Տոնեցքի եւ Լոկանսքի հանրապետութիւններուն միջեւ փորձառութիւններու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ։
Իր կարգին Լաւրով հաստատեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը կայուն է՝ առ ի գործադրումն Փութինի եւ Ասատի համաձայնութեան, ուր կը շեշտուէր երկու երկիրներուն յարաբերութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Լաւրով վերահաստատեց, որ Ռուսիա բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ զօրակցութիւնը Ռուսիոյ, յատկապէս Ուքրանիոյ դէմ իր մղած պատերազմին մէջ: Ան գնահատեց նաեւ Տոնեցք եւ Լոկանսք հանրապետութիւններուն ճանաչումը Սուրիոյ կողմէ։