Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ, սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատար Պաշշար ալ-Ասատ վարչական հրամանագիր մը ստորագրեց։
 
Հրամանագիրին համաձայն, զօրացրուումի կ՚ենթարկուին հետեւեալ զինուորական կարգերը ունեցող զինուորական ծառայողները.
 
-Զինուորական պարտադիր ծառայութեան սպաները։
– Զինուորական պարտադիր ծառայութեան ուսանող սպաները, որոնք կը բոլորեն 1 տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2022։
-Զինուորական պարտադիր ծառայութեան կոչուած սպաները եւ ուսանող սպաները՝ իրենց ծառայութեան շրջանը բոլորելէ ետք։
– Զինուորական պարտադիր կամ պահեստի ղառայութեան կոչուած զինուորները եւ աստիճանաւոր սպաները, հետեւեալ ձեւով.
-Զինուորական պահեստի կոչուած զինուորները եւ աստիճանաւոր սպաները, որոնք կը բոլորեն վեց ու կէս տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2022։
-1983-ի ծնունդ զինուորական պահեստի կոչուած զինուորները եւ աստիճանաւոր սպաները, որոնք կը բոլորեն երկու տարուան իրենց ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2022։
Հրամանագիրը ի գործ պիտի դրուի, 1 Սեպտեմբեր 2022-ին։