92 տարեկանին մահացած է Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (Այսուհետեւ՝ ԽՍՀՄ) առաջին եւ միակ նախագահ Միխայիլ Կորպաչովը։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած են Ռուսիոյ Կեդրոնական հիւանդանոցէն։
 
«Այսօր երեկոյեան ծանր եւ երկարատեւ հիւանդութենէն վերջ մահացաւ Միխայիլ Սերկեյեւիչ Կորպաչովը», յայտնած են Կեդրոնական հիւանդանոցէն։
 
Միխայիլ Կորպաչով 1990-1991 թուականներուն եղած է ԽՍՀՄ նախագահ։ Ան իր լիազօրութիւններէն դադրած է 25 Դեկտեմբեր 1991-ին։ Յաջորդ օրը Խորհրդային Միութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, յայտնած է «Քոմերսանթ»։