«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ատրպէյճան հսկողութեան տակ առած է Բերձոր աւանը եւ Աղաւնոյ ու Սուս գիւղերը:
«Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցիներս, վերադարձանք Լաչին (Բերձոր) քաղաք, ատրպէյճանական բանակը տեղակայուած է Լաչինի մէջ: Զապուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս գիւղերը հսկողութեան տակ են», գրած է Ալիեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը նախորդ Հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբու Բերձորի (Լաչին) հատուածը բաց է, ազատ ու անվտանգ երթեւեկը կ’ապահովեն ռուս խաղաղապահները:
Նշենք որ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի համայնքներէն տարհանուած հայ ընտանիքները մեծ մասամբ հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ, մէկ մասն ալ, որ փափաք յայտնած է բնակիլ Արցախի մէջ եւ ժամանակաւորապէս տեղաւորուած է Ստեփանակերտի պանդոկներուն մէջ: