Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքը, ինչպէս նաեւ Աղաւնօ եւ Սուս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու առնչութեամբ: Այս մասին ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Մենք յոյսով ենք, որ այս քայլը, որ կարեւոր քայլ դարձեր է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար, կը նպաստէ տարածաշրջանային կապերու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման: Թուրքիան, ինչպէս անցեալին, կը շարունակէ աջակցիլ եղբայրական Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» (չակերտները՝ «Գանձասար»-ին) եւ ինքնիշխանութեան», ըսուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ ատրպէյճանական բանակը Ուրբաթ օր մտաւ ու տեղակայուած է Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչական կեդրոնին մէջ, Աղաւնօ եւ Սուս գիւղերուն մէջ, ինչ որ յայտարարած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Յիշեցնենք, որ 5  Օգոստոսին յայտնի դարձած էր, որ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի բնակչութեան, համայնքի եւ շրջանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած էր Աղաւնոյի, Ներքին Սուսի եւ Բերձորի բնակչութեան՝ մինչեւ սոյն թուականի 25 Օգոստոսը տարհանման հարցերը: