Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պահանջեց ՄԱԿ-ի Քարտուղարութենէն եւ Ապահովութեան Խորհուրդէն դատապարտել սուրիական հողերու վրայ Իսրայէլի յարձակումները, որոնք կը համարուին Սուրիոյ ինքնիշխանութեան խախտում եւ սպառնալիք տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իսրայէլ կը կրէ Հալէպի միջազգային օդակայանի թռիչքուղիին եւ յարակից ծառայութեան բաժինին, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի որոշ մասերու եւ յարակից քաղաքացիական ենթակառոյցներու քանդումին եւ քաղաքացիներու կեանքը վտանգի ենթարկելուն օրինական, քաղաքական, մարդկային եւ նիւթական պատասխանատուութիւնը։