Հայկազեան hամալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի 12 եւ Երեքշաբթի 13 դեկտեմբեր 2022-ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը: Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահաղորդակցութեամբ:

Արդ, կը հրաւիրենք սփիւռքի եւ հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները, որոնք հետաքրքրուած են կամ կ՛առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու կեդրոնս` հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:

Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.

1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ` 1940-ականներէն մինչեւ մեր օրերը:

2) Բնակավայրեր.- Հայկական բնակավայրերը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան բնութագրումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն  եւ այլն:

3) Հայ եկեղեցին (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական).- Թեմական կեանք, Հայ եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:

4) Ազգային կեանք.- Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական  եւ այլն), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ:

5) Մշակոյթ.- Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, ձայնասփիւռի կայանները, հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները:

6) Համարկում.- Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն:

7) Հայերը տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ.- Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին թէ հանրային հաղորդակցամիջոցներուն մէջ:

8) Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէ/սփիւռքի նախարարութիւն/սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ-հայօճախներ փոխյարաբերութիւն:

9) Միջպետական յարաբերութիւններ.- Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արաբական ծոցի երկիրներ պետական յարաբերութիւնները, անոնց ընթացքը, զարգացումը, փոխգործակցութիւնը:

10) Հայաստանցի քաղաքացիները Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ.- Անոնց կենսագործունէութիւնը, դիմապատկերը, ընդհանուր արժեւորումը:

11) Ինքնութեան հարցեր.- Նոր սերունդներու հայերէնախօսութիւնը, մշակութային պաշարը, ինքնութենական հարցերը:

Բ.- Մասնակցութեան տուեալներ

1) Դիմորդները պարտին մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2022 կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:

2) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ ընտրուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 7 հոկտեմբեր 2022:

3) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեան մասին` արաբերէն, հայերէն կամ անգլերէն:

4) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու` գիտաժողովի զեկուցագիրքին:

Հետեւաբար անոնք պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք կեդրոնին մինչեւ 28

փետրուար 2023:

Գ.- Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ եռօրեայ կեցութիւն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարան, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն.- հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել` adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ