Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Ելեկտրականական երկրաչափութեան ճիւղը:
 
Անդամ է Հալէպի Երկրաչափական Արհմիութեան վարչութեան:
 
Արհմիութենէն ներս հասած է բարձրագոյն հանգրուանի (Խորհրդատու Երկրաչափ) տիտղոսին:
 
Բծախնդրութեամբ վարած է իրեն վստահուած պաշտօնները ազգային անդաստանէն ներս։
Այսպէս՝ ընտրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամ։ Երկար շրջան մը՝ Ազգ. Սահակեան վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ։ Այժմ կը վարէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը: