Թուրքիոյ արեւելեան Վան նահանգի մէջ գտնուող 1100-ամեայ հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օրը 10-րդ յատուկ պատարագը մատուցուած է։ Այս մասին յայտնած են Անատոլու գործակալութիւնը։ Առաւօտեան փափաքողները տեղափոխուած են դէպի Ախթամար կղզի, կէսօրին մեկնարկած է պատարագը։ Արարաողութիւնը կատարած են Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի առաջնորդ Սահակ Մաշալեան եւ Տէր Յարութիւն քահանայ Դամատեան իրենց հոգեւորականներուն հետ կղզի ժամանած են՝ Ախթամար եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն կատարելու համար։ Դամատեանի գլխաւորութեամբ պատարագին մասնակցած են պատրիարքարանի 46 հոգեւորականներ, հիւրեր Սթանպուլէն, Հայաստանէն և այլ երկիրներէն։
«Այսօր մենք աղօթեցինք, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդները ապրին խաղաղութեան մէջ, որ Կովկասը վերածուի խաղաղութեան երկրի։ Աստուած պահապան մեր երկրին ու մարդկութեան», ըսած է Մաշալեան։ Յիշեցնենք, որ Ախթամարի Սբ․ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921թթ․ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Արծրունիի հրամանով։ Եկեղեցին կառուցած է յայտնի ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ Մանուէլ (Մոնուէլ)։ 1113-1895_ին գործած է Ախթամարի առանձին կաթողիկոսարանը, որու վերացումէն վերջ անոր պատկանող վանքերն ու եկեղեցիները անցած էին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին։ Կղզին ու եկեղեցին լքուած է 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ։ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը 2005_ին ձեռնարկած էր Վանի Գեւաշ (պատմ․ Ոստան) գաւառի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Ախթամար կղզիի Սբ․ Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները: Մօտաւոր երկու տարի տեւած վերակառուցման նախագիծին համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած է։ 2007-ին եկեղեցին այցելուներու համար բացուած էր որպէս թանգարան: 95 տարուան դադարէն վերջ 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարուան Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է: Սակայն 2015-2017 թուականներու ընթացքին շրջանի քուրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժի միջեւ պարբերական բախումներու հետեւանքով պատկան մարմինները պատարագ կատարելու չէին արտօնած։ Եռամեայ դադարէն վերջ 2018-ին եկեղեցւոյ մէջ կրկին պատարագ տեղի ունեցաւ: Սակայն 2020_ին համավարակին պատճառով չթոյլատրուեցաւ պատարագ մատուցել, իսկ 2021_ին պատարագին թոյլ տրուեցաւ այցելել միայն սահամանափակ թիւով հրաւիրեալներ եւ հաւատարմագրուած անձեր։