Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, սուրիական «Sada FM» ձայնասփիւռի կայանը, վկայակոչելով Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւնը,յայտնեց. «Թրքական վարչակարգին ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Հալէպի արուարձանի Աֆրին քաղաքի հնագիտական վայրերուն մէջ ապօրինի պեղումներ կը կատարեն, նպատակ ունենալով սուրիական հնագիտական գանձերը թալանել, Թուրքիա փոխադրել եւ զայն սեւ շուկայէն ներս վաճառել»։
Սուրիոյ մէջ ռուսական համակարգումի կեդրոնի փոխնախագահ Օլեկ Էկորով յայտնեց, որ նախօրօք կեդրոնը Դամասկոսի Ազգային թանգարանին յանձնեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ թալանուած Ն. Ք. 1000 տարուան պատմութիւն ունեցող հնագիտական կտոր մը, որ ապօրինի միջոցներով Սուրիայէն դուրս փոխադրուած էր, ծախուելու նպատակով։