Ֆրանսան հրաւիրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստի՝ քննարկելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրումը: Նախօրէին հաղորդուած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ: Փաշինեան յայտնած է, որ Ատրպէյճան կէսգիշերէն սադրիչ եւ յարձակողական զինուորական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ՝ սահմանի տարբեր ուղղութիւններով: Նիկոլ Փաշինեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանքի կարեւորութիւնը: Նախագահ Մաքրոն անթոյլատրելի համարած է լարուածութեան հետագայ խորացումը եւ շեշտած է իրավիճակը լիցքաթափելու անհրաժեշտութիւնը: