Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան պահապաններու մարմինը յայտարարած է, որ Իրան-Հայաստան սահմանը տեղակայուած են Իրանի զինուած ուժերու զրահասայլային ու հետեւակային ստորաբաժանումներ, որոնք 100% մարտական պատրաստակամութեան վրայ կեդրոնացած են։ Իրան բազմիցս յայտարարած էր, որ հայ-իրանական սահմանի փոփոխութիւնը անընդունելի է։