Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (Այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) յայտնած է, որ Ռուսիոյ միջնորդութեան հետեւանքով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ 13 Սեպտեմբերին, Մոսկուայի ժամով 9.00-ին (ՀՀ ժամով՝ 10:00-ին) զինադադարի հաստատման առնչութեամբ, պիտի իրականանայ ամբողջութեամբ։ Ան նաեւ շեշտած է, որ սերտ կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ։ Հայաստանի ղեկավարութենէն Ռուսիոյ ուղղուած է կոչ՝ առկայ երկկողմ պայմանագրերուն իրականացման համապատասխանաբար հսկելու եւ ՀԱՊԿ-ի միջոցով իրավիճակի կարգաւորման աջակցելու խնդրանքով։