Վստահ եմ ընթերցողս ալ աչքերը մեծ-մեծ պիտի բանայ, եթէ իմանայ, թէ Հարաւային Ափրիկէի արտաքին գործոց նախարարը ի՛նչ ըսած է ամերիկացի իր պաշտօնակիցին, Փրեթորիայի մէջ իրենց հանդիպումին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս շաբաթասկիզբին, փէշերը հաւաքելով (չէ, կին չէ, սա պատկերաւոր բացատրութիւն է) ձեռնարկեց ափրիկեան երկիրներ շրջապտոյտի մը, հակադարձելու համար իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերգէյ Լաւրովի ափրիկեան շրջապտոյտին, որ տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ:
Շրջապտոյտին առաջին կայանն էր Հարաւային Ափրիկէն՝ ազատատենչ եւ ոչ-շինծու արդարութեան դրօշակիր՝ Ներլսըն Մանտելայի հայրենիքը: Փրեթորիայի մէջ, ամերիկեան դիւանագիտութեան վարիչը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն իր պաշտօնակիցին՝ Նալետի Փանտորի կողմէ (կապ չունի «Փանտորայի տուփ»ին հետ), որ, տեսէք թէ, ինչպիսի՛ արիասիրտ կին է (այդ երկրին մէջ անոր պաշտօնը կը կոչուի արտաքին յարաբերութեանց եւ գործակցութեան նախարար):
Մինչ Պլինքըն հաւաստիքներ կու տար, թէ իր շրջապտոյտը «որեւէ կողմի դէմ չէ, այլ կը ցանկայ զարգացնել եւ ամրապնդել Ուաշինկթընի ու հարաւ-ափրիկեան երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը», Փանտոր պատասխանեց խիզախօրէն: Ան նախ քննադատեց արեւմտեան երկիրներու, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր ու ափրիկեան երկիրներուն վրայ ի գործ դրուած ճնշումները, որոնք ստացած են հետեւեալ իմաստը՝ «Կամ մեզի հետ եղէ՛ք, կամ…»: Յետոյ, Ուքրանիոյ տագնապին մասին ունեցաւ Պլինքընի սպասածին կէս արտայայտութիւնը, ըսելով, թէ ինչպէս որ Ուքրանիա ունի իր հողերն ու ազատութիւնը պահպանելու իրաւունքը, նոյնպէս ալ… հայե՛րը ունին այդ իրաւունքները: (Աչքերդ լայն-լայն բացուեցա՞ն, սիրելի՛ ընթերցող): Վերջապէս, ան բառերը չծամծմեց, հասկցնելու համար, որ Հարաւային Ափրիկէ պիտի չլծուի Չինաստանի դէմ ամերիկեան սայլին:
Չէ՛, ընթերցող. մի՛ հաւատար հայերու մասին մէջբերումիս եւ աչքերդ վերադարձուր բնական վիճակին: Ան «հայեր» բառին փոխարէն՝ գործածեց պաղեստինցիներ բառը: Եւ սա ճի՛շդ այն օրերուն, երբ Իսրայէլ անգամ մը եւս ջարդարար եւ կործանարար յարձակումներ կը գործէր Կազայի վրայ, կը շարունակէ պաղեստինցիներուն դէմ հալածանքները, կը խլէ անոնց հողերն ու աւերակի կը վերածէ պապենական բնակարանները, իսկ ամերիկեան կառավարութիւնն ու դաշնակիցները մատը մատին չեն զարներ այդ ոճիրները կասեցնելու կամ դատապարտելու համար: (Ճակատումին եւ խաղաղարար ճիգերուն մանրամասնութիւնները ողողած են արաբական ու միջազգային մամուլը):
* * *
Հիմա, երբ խաբէութիւնս խոստովանեցայ (չէ՞ որ հիմա Fake News-ը շատ սովորական է) եւ կ’ապաւինիմ ներողամտութեանդ, ըսէ՛, սիրելի՛ ընթերցող. դուն ալ պիտի չցանկայի՞ր, որ Մանտելայի աւանդներուն ժառանգորդը եւ միջազգային բեմին վրայ ազդու խօսք ունեցողներ (անշուշտ խօսքը բաւարար չէ, աւելի կարեւոր է գո՛րծը) նման քննադատական յայտարարութիւններ արձակէին Ցեղասպանութիւնը շարունակող Թուրքիոյ եւ անոր գործակից՝ Ատրպէյճանի դէմ: Պիտի չուզէի՞ր, որ Հայաստանի պետութիւնը՝ դիւանագիտութիւն եւ քաղաքական բազուկներ, այնպէս մը աշխատած ըլլային եւ աշխատէին, որ աշխարհը օրը-օրին տեսնէր ու դատապարտէր կրկնուող անիրաւութիւնները, սահմանափակ կամ ծաւալուն յարձակումները, բռնագաղթը, Ցեղասպանութեան հատորին մէջ աւելցող մեծ ու փոքր պարբերութիւնները:
Փանտորի յայտարարութիւնը զուգադիպեցաւ այն օրերուն, երբ Արցախէն հնչած է նորագոյն ահազանգը. Բերձորի կենսական միջանցքը քանի մը օրէն պիտի յանձնուի, բառերը չծամծմենք, իբրեւ նորագոյն նուէր պիտի տրուի Ատրպէյճանին: Չմանրամասնենք, թէ սա ինչպիսի՜ կամայականութեան մը հետեւանք է, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնն ու Արցախի անոր լծակիցները, փոխանակ համապատասխան աղաղակ բարձրացնելու, աշխարհին ու անմիջական միջնորդներուն բողոք ներկայացնելու, շեշտելու՝ թէ Ատրպէյճանի հետ գոյացած 9 Նոյեմբերի համաձայնութեամբ նման բան չէ նախատեսուած (կրկնենք, որ հիմա սկսած ենք կառչիլ այդ աղէտալի համաձայնութեան պոչին, ձեւով մը ընդունելի կը նկատենք այլապէս անընդունելին), թէ՝ Փանտորի հետեւողութեամբ՝ հայերն ալ իրաւունքներ ունին, արդարութիւն կը պահանջեն…
Իրարու վրայ չխնդանք, սիրելի՛ ընթերցող: Հայաստանի իշխանութիւնը նման բան չ’ըներ, տրամադիր չէ ընելու: Լաւագոյն պարագային, միայն կէս-բերան կը խօսի ազերիներու շեղումներուն մասին, սակայն կը շարունակէ հաւատարմօրէն կախուած մնալ օդային չուանին, կը կրկնէ՛ ու կը կրկնէ, թէ ինք հետամուտ է խաղաղութեան: Քանիցս փաստած է թէ պատրաստ չէ յիշեալ համաձայնութեան պայմաններով իր իրաւունքները պահանջելու (օրինակի համար, գերիներ, դիրքերու անփոփոխ մնալ…):
Աւելին, ծանօթ պայմաններէն անդին երթալով՝ արդէն թշնամիին յանձնած է ականապատ տարածքներու քարտէզներ, չի պահանջեր Հայաստան թափանցած ազերիական բանակներուն հեռացումը, Գորիս-Կապան եւ այլ հայկական գօտիներու՝ հայկական գերիշխանութեան վերադարձը, Հայաստանին պատկանող գօտիներ կը հռչակէ ազերիապատկան, նոյն ատեն՝ բոլորանուէր ճիգով կը վազէ զիջումէ-զիջում, կը կառուցէ փոխընտրանքային ճամբաներ, իսկ Աղաւնոյի եւ նուէրցու միւս գիւղերու բնակիչներուն կը խոստանայ փոխ-հատուցում կատարել (հոս երեւցող հերոսը Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներն են), զանոնք բնակեցնել Արցախի այլ շրջաններու մէջ, պայմանաւ որ բնակարանները անվնաս ձգուին ազերիներուն, չկրկնեն չար քարվաճառցիներուն ու սիւնեցիներուն՝ հրկիզումի արարքները: Եւ սա անոնք են, որ քանի մը շաբաթ առաջ կը խոստանային պահպանել վաղը յանձնուելիք կարգ մը գիւղերը…
Կամովին զիջումի, թշնամիին հետ աղաղակող գործակցութեան, անոր անյողդողդ ու բարձրաճակատ կամակատարը ըլլալու այս ընթացքին դիմաց, երբ ժողովուրդին զանգուածը կը մնայ անտարբեր ու պարզ հանդիսական (ոմանք ալ՝ գերի՝ Արցախէն կը ձերբազատինք ու հանգիստ կ’ապրինք-ի խաբէութեան), Հայաստանի իշխանութիւնը գործնապէս անդամալոյծ կը պահէ դիւանագիտական բազուկը, կը խափանէ նա՛եւ ընդդիմադիրներու քաղաքական աշխատանքի ճիգերը (պահ մը մոռնանք զանոնք հալածելն ու ճնշումներու ենթարկելները), որովհետեւ, ինչպէս կը հաւաստեն Եւրոպա կամ այլուր դիմող պատուիրակներ՝ երբ կը դիմուի միջազգային ընտանիքի աջակցութեան, մարդիկ կը պատասխանեն. «Ձեր կառավարութիւնը համաձայն է եղածին, մեզմէ ի՞նչ կը սպասէք: Գացէ՛ք, հետեւեցէ՛ք անոր խաղաղասիրական երթին, իջէ՛ք մեր օձիքէն»: (Ի դէպ, օտարներ, նաեւ բարեկամ ձեւացնողներ մեր ղրկելիք կարմիր խնձորին չեն սպասեր, որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարեն Հայաստանին ու… մոռցուող Արցախին):
Իրաւունք չունի՞ն:
Չէ՞ որ այս վարչախումբը (հիմա յայտնի է թէ ինչպիսի՜ մեքենայութիւններով) շահեցաւ ընտրութիւնները, քուէարկողներ «երկաթէ մանտաթ» տուին անոր, ու ան, այդ շինծու լիազօրութիւնը գործածելով, կ’ընէ այն՝ ինչ որ կ’ուզէ. Արցախը ազերիական հովանիի տա՞կ կը տանի, Լաչինի միջանցքը ազերիական վերահսկողութեան յանձնելով՝ քայլ մը ե՞ւս կ’առնէ դէպի Արցախի հայաթափումը, Սիւնիքէն, Հայաստանի հիւսիսէն եւ կեդրոնական այլ գօտիները ճամբա՞յ կը շնորհէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, «Իրանի հետ պիտի չխզուինք»ը խօսքի սահմանէն անդին տանելու տրամադիր չէ՞… (ու կան մարդիկ, որ կ’ուրախանան, թէ Իրանն ու ռուսական ուժերը պատրաստ են մեր շահերը պահպանելու, պատրաստ չեն տեսնելու ապիկար իշխանութեան ձեռնածալութիւնը եւ այլոց՝ իրենց սեփական շահերուն հետամտութիւնը): Ո՞վ իրաւունք ունի խառնուելու իր գործին:
Բա՜յց… Ճիշդ հիմա՛ է (արդէն բաւական ուշացած) աչքերը, նաեւ միտքի աչքերը լայն-լայն բանալու, մեր ճակատագիրին ղեկը թուրք-ազերիական կամայականութիւններէն փրկելու ժամանակը: Հայաստանով եւ Սփիւռքով (որ, ի դէպ, տարօրինակ կրաւորականութիւն մը կը ցուցաբերէ ի՛ր իսկ մասնակցութեամբ շէնցած Աղաւնոյին կորստեան դիմաց) պէտք գործի անցնինք, որպէսզի նախ մենք մեզի պատգամ ուղղենք երգին բառերով՝ «…Որ համոզուիս թէ մեր հայը կորչելու ազգ չէ ի սպառ»:
Ս. Մահսերէճեան