Շաբաթ, 17 Սեպտեմբեր 2022-ին, Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւններու Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի թեկնածուները՝ երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան, երկրչփ. Մարալ Գալայճեան եւ տիար Արա Մութաֆեան այցելեցին Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Սելիմեանին։

Համայնքապետ Վերապատուելին ողջունեց թեկնածուները, իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ընտրական աշխատանքներուն մէջ:

Թեկնածուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Համայնքապետ Վերապատուելիին եւ հրաժեշտ տուին գալիք օրերուն նկատմամբ իրենց ժողովրդանուէր անսակարկ ծառայութեամբ։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ընտրութիւններու Բերիոյ Թեմի յարաբերական յանձնախումբի անդամ Նորա Գրաճեան։

Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ նահանգներու Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւնները։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդին, իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը կատարելով մասնակցելու քուէարկութեան։