Հայաստանի ժուռնալիստներու (Լրագրողներու) Միութիւնը հետեւեալ յայտարարութեամբ խստօրէն դատապարտեց Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները:

17 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեան անհաւասարակշռուած կեցուածքով եւ ոչ ճիշդ բառապաշարով արձագանգեց MediaHub.am կայքի լրագրող Անի Գէորգեանին` ի պատասխան լրագրողին հնչեցուցած յստակ, հաւանաբար պատգամաւորը դժուար կացութեան մէջ դնող հարցումներուն: Պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեան` յայտարարելով, որ Ազգային ժողովը իր տունն է, պահանջեց լրագրողէն հեռանալ, իսկ երբ լրագրողը ընդդիմացաւ, պատգամաւորը ձեռքը երկարեց դէպի սեղանին վրայ դրուած հեռախօսը (ամենայն հաւանականութեամբ)` փորձելով զայն նետել լրագրողին ուղղութեամբ, սակայն անոր գործընկեր պատգամաւորները զսպեցին զինք:
Թէեւ գործընկերները անհաւասարակշիռ վարքագիծ դրսեւորած պատգամաւորը ձեւով մը հեռացուցին տարածքէ, բայց քիչ անց անոր օգնութեան հասաւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը: Ան ալ խորհրդարանի ապահովութեան աշխատակիցներուն հրահանգեց լրագրող Անի Գէորգեանը դուրս հանելու Ազգային շէնքէն, ինչ որ անյապաղ գործադրուեցաւ. լրագրողին նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով, թեւերէն բռնած քաշքշելով` զայն դուրս հանեցին Ազգային ժողովի շէնքէն:

Տեղի ունեցածէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, Ալեն Սիմոնեան ոչ միայն յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր պատգամաւոր Քրիստինէ Պօղոսեանի վարքագիծը քննել, այլ նշեց, որ ինք պիտի առաջնորդուի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի նոր դրոյթներուն համապատասխան, ըստ որոնց, Ազգային ժողովի գործունէութիւնը խաթարող լրագրողը պէտք է հեռացուի: «Վաղուց էր պէտք դա անել: Փառք Աստծոյ, օրէնքն արդէն ընդունել ենք», յայտարարեց Սիմոնեան:

Ակնյայտ է, որ մամուլի նկատմամբ իշխանութիւններուն նման, մեղմ խօսքով, պաշտօնեային ոչ յարմար վերաբերմունքը կապուած է վերջին օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող` զիրենք անհանգստացնող իրադարձութիւններէն, ռազմաճակատին զուգահեռ` քաղաքական հարթութիւններու վրայ կատարուող ստուերային գործընթացներէն եւ անոնց նկատմամբ հասարակութեան մէջ յառաջացած արդարացի վրդովումէն:

Իշխանութիւնը, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այսօր, իր սխալներուն եւ թերութիւններուն մասին հանրութիւնը իրազեկող մամուլը կը համարէ թշնամի, քանի որ մեծապէս ազատ ու իշխանութեան վերահսկողութենէն դուրս գործող զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատանքին շնորհիւ է, որ հասարակութիւնը կը տեղեկանայ իր թիկունքին կատարուող իրադարձութիւններուն մասին:

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ այսօր Ազգային ժողովին մէջ լրագրողների նկատմամբ կատարուած ոտնձգութիւնները, ներառեալ` ներկայացուցչական մարմնի ղեկավարին` Ազգային ժողովի նախագահին հրահանգով, իշխանութենէն կը պահանջէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ գործելաոճ դրսեւորել, կատարուածը արժանացնել իրաւական գնահատականի, պատասխանատուութեան ենթարկել սեփական խմբակի անդամ այն պատգամաւորները, որոնք առաջին անգամ չէ, որ լրագրողներուն կը սպառնան հաշուեյարդարով: Անպատժելիութիւնը կը ծնի ամենաթողութիւն. այս պարագային յիշեալ պատգամաւորը ոչ միայն սպառնացած է, այլ նաեւ փորձած է յստակ գործողութիւններու դիմել:

Կոչ կ՛ուղղենք մամուլի ազատութեան հարցերով զբաղող տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ իրապէս զբաղող միաւորներուն ու անհատներուն` ցուցաբերելու համարժէք գործելակերպ, զսպելու եւ կանխելու ազատ խօսքի նկատմամբ իշխանութեան ահագնացող ոտնձգութիւնները:
Մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք` անկախ ստեղծուած իրավիճակէն, պահպանելու մասնագիտական բարոյականութեան բոլոր չափանիշները եւ սատար կանգնելու իրարու: