ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի 18 Սեպտեմբերին, անջատ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ: Քննարկուեցաւ նաեւ հայ-ամերիկեան գործընկերութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը: Նիկոլ Փաշինեան եւ Փելոսի անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ կատարուած յարձակումին եւ Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրս բերման վերաբերող հարցերու: Քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր: Փելոսի վստահեցուց, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ աշխոյժ կերպով նպաստել երկկողմ բազմոլորտ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման ու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման վերաբերող ծրագիրներուն: Փելոսի դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան աջակցութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, հակազդեցութիւնը՝ Թուրքիոյ, Արցախի հարցին մէջ, եւ մնացեալ բոլոր առումներով Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի բարեկամն է է: Ան նշեց, որ Հայաստան տուած այս այցելութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւնը իրեն հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդին սէրը, յարգանքը՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ սէրը՝ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ: Սուրէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փելոսիին՝ իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար: Ան Փելոսիին ներկայացուց ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, իսկ Փելոսի իր կարգին անդրադարձաւ այս իրավիճակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Փելոսի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ ունեցաւ հանդիպում, որուն մասնակցեցան «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, նոյն խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան, Աննա Գրիգորեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան եւ պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան: Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Փելոսիի հետ խօսեցան Ատրպէյճանի նախայարձակումին մասին՝ շատ յստակ կերպով փոխանցելով իրենց դիրքորոշումը, որ անընդունելի է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որ կը շարունակէ պատերազմը: Ըստ անոր՝ խօսքը ռազմաքաղաքական աջակցութեան մասին է: Այդ պատճառով Ատրպէյճան կը դառնայ աւելի սանձարձակ եւ լկտի, կը շարունակէ նախայարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ: Սաղաթէլեան նշեց, որ խօսեցան թիւ 907 բանաձեւին եւ յաջորդ տարի Ատրպէյճանին տրուած օգնութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Ան դիտել տուաւ, որ քննարկուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու հարցը, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին ժողովրդավարութեան, Արցախի կարգավիճակին եւ այլ կարեւոր հարցերու: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թիւ 907 բանաձեւի մասին ի՛նչ դիրքորոշում յայտնեց Փելոսի՝ Սաղաթէլեան ըսաւ, որ նշուեցաւ, թէ պիտի քննարկեն, միայն յայտարարութիւններով պիտի չբաւարարուին: Վերադարձէն ետք Քոնկրեսին մէջ պիտի քննարկուին եւ բարձրաձայնուին այս հարցերը: