ՄԱՐԴՈՒ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԸՍՏ ԱՆՈՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
Գրաբանութիւնը կ’ուսումնասիրէ ձեռագիրին կապը  մարդուն խառնուածքին հետ եւ կը պարզէ, թէ ի՛նչ  «կ’ըսէ» մարդուն ստորագրութիւնը իր մասին:
Արդարեւ, դէպի վեր ուղղուած ստորագրութիւնը կը խորհրդանշէ լաւատեսութիւն, աշխուժութիւն, նպատակասլացութիւն եւ ստեղծարարութիւն:
Ուղիղ ստորագրութիւնը՝ հաւասարակշռութիւն եւ զսպուածութիւն:
Դէպի վար ուղղուած ստորագրութիւնը՝ վատատեսութիւն եւ թոյլ կամք:
Երկար ստորագրութիւնը՝ խելամտութիւն, յամառութիւն եւ ջանասիրութիւն:
Կարճ ստորագրութիւնը՝ արագ արձագանգ, անհամբերութիւն եւ թոյլ կեդրոնացում:
Գլխագիրով սկսած ստորագրութիւնը՝ կամակորութիւն եւ պահանջկոտութիւն:
Նոյն չափի տառերով ստորագրութիւնը՝ համեստութիւն:
Փոքր տառերով ստորագրութիւնը՝ ինքնաբուխութիւն, տնտեսելու ունակութիւն, ճշմարտացիութիւն եւ կեդրոնացում:
Շատ մանր տառերով ստորագրութիւնը՝ եսասիրութիւն եւ ժլատութիւն:
Մեծ տառերով ստորագրութիւնը՝ երազկոտութիւն, անկախութիւն, միամտութիւն, դիւրութեամբ վստահելու միտում եւ բարութիւն:
Զարդարանքներով ստորագրութիւնը՝ պարծենկոտութիւն, իրականութիւնը գունազարդելու պահանջք եւ կեղծաւորութեան հակում:
Սեղմուած ստորագրութիւնը՝ մարտավարութիւն:
Ուժեղ սեղմելով ստորագրութիւնը՝ արտաքին երեւոյթներու համարում եւ ձգտում դէպի կեանքի նիւթական կողմը:
Թոյլ, անհաւասար սեղմելով ստորագրութիւնը՝ անվստահութիւն եւ աւելորդ ինքնաքննադատութեան հակում:
Ընդգծուած ստորագրութիւնը՝ ինքնասիրութիւն, հասարակական կարծիքէն կախեալ ըլլալու հակում եւ նեղացկոտութիւն:
Վերէն ընդգծուած ստորագրութիւնը՝ ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն եւ մեծ ձեռքբերումներու ձգտում:
Վրան գծուած ստորագրութիւնը՝ ինքզինք թերագնահատելու հակում, ինքնաքննադատութիւն եւ կասկածամտութիւն:
Վերջաւորութեան կէտով ստորագրութիւնը՝ կարգապահութիւն եւ կատարողականութիւն:
Կէտով սկսող ստորագրութիւնը՝ նախքան մտածելը գործելու  հակում եւ ամէն ոլորտի մէջ սպառիչ տեղեկութիւն ստանալու ձգտում: