27 Սեպտեմբերի 2020-ին՝ Թուրքիոյ բացայայտ զինուորական աջակցութեամբ, վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւումով արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ողջ երկայնքով, Ատրպէյճան անցաւ յարձակումի։

44-օր ձգուած Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումին հետեւանքով տեղահանուեցաւ եւ ունեզրկուեցաւ շուրջ 70 հազար հայ, աւերուեցան մօտաւոր 17 հազար քաղաքացիական շինութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ, սպանուեցան հարիւրաւոր քաղաքացիական անձեր։ Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ մնացին հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան 1456 նմոյշներ, որոնց նկատմամբ Ատրպէյճանը որդեգրած է ոչնչացման կամ իւրացման քաղաքականութիւն։ Տարածքային կորուստներու կողքին անդառնալի են հինգ հազարի հասնող մարդկային կորուստները։ Մինչ օրս անյայտ է քանի մը տասնեակ հայ գերիներու ճակատագիրը։

Զինուորական յանցագործութիւններով, արգիլուած զէնքի կիրառումով ուղեկցող թուրքատրպէյճանական յարձակումի 44 օրերուն, ցաւալիօրէն, անտարբեր մնաց միջազգային հանրութիւնը։

9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յանձնողական յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի շուրջ 72%-ը՝ Շուշի քաղաքն ու Հադրութի շրջանը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ արցախահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան միակ երաշխաւորը ռուսական խաղաղապահ ուժերն են։

44-օրեայ պատերազմը կարելիութիւն դարձաւ իշխող վարչախումբի անկարողութեան, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու սնանկութեան, օտար օրակարգեր սպասարկելու հայրենադաւ յանձնառութեան հետեւանքով։

Պատերազմէն երկու տարի անց հայկական երկու պետականութիւնները կանգնած են ճակատագրական մարտահրաւէրներու, պատերազմի իրական սպառնալիքի առջեւ։ Աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու, խախտուած ուժային հաւասարակշռութեան եւ խոցուած ինքնիշխանութեան պայմաններու մէջ գործող քաղաքական վարչակարգը անկարող է դիմակայել հայոց պետականութեան ու հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, նոր յանձնողականութեան հեռանկարը։

Այսօր, աւելի քան երբեք, հայ ժողովուրդի լինելիութեան հրամայականը, ՀՀ անվտանգային շահերը, մեր պետականութեան ապագան կը պահանջեն ազգային միասնականութիւն եւ համախմբում։

Կը խոնարհինք մեր հազարաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ եւ կը վերահաստատենք ազգային պետականութիւն կառուցելու, ազգային շահերուն ծառայելու ՀՅԴ յանձնառութիւնը։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին