«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է վերականգնի», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն` 27 Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ ընդունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ժամերուն կը պատրաստուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Ֆրանսան պիտի ընէ ամէն կարելին, որպէսզի Հարաւային Կովկասը ըլլայ կայուն, յուսալի եւ բարգաւաճ շրջան», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի համաձայն, Ատրպէյճանի նախագահը եւս «մտադրութիւն յայտնած է վերջ դնելու անկայունութեան եւ աջակցելու որոշումներու կայացման»:

Էմանուել Մաքրոն նշած է, որ 14 Սեպտեմբերէն Ֆրանսան Ատրպէյճանէն կը պահանջէ դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի տարածքէն:

«Սահմանազատման եւ սահմանագծման բացակայութիւնը չ՛արդարացներ այլ պետութեան տարածք ներխուժումը», ընդգծած է Մաքրոն: