27 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (Այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) հետ հանդիպումէն ետք, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտնեց, որ Յունաստան կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ կ’աջակցի ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան։
«Յունաստան կ’աջակցի բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան։ Անշուշտ, այս կը վերագրուի նաեւ մեր լաւ գործընկերոջ՝ Հայաստանին։ Մենք կը հաւատանք սահմաններու անքակտելիութեան։ Քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր Ատրպէյճանի զինուորական ուժերուն կողմէն։ Այս առումով պիտի փափաքէի մեջբերել Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի խօսքը, որ ըսաւ. «Կը դատապարտենք ինչ որ տեղի ունեցած է ի հակադրութիւն խաղաղ բանակցութիւններուն», ըսաւ Տենտիաս։
Նիքոս Տենտիաս նաեւ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին գծով Յունաստանի դիրքորոշումը․ «Մենք կ’աջակցինք միջազգային իրաւունքով խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներուն, սակայն լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ կայ ուժի կիրառման սպառնալիք», ըսաւ ան, աւելցնելով որ Թուրքիա այս պահուն կը սպառնայ պատերազմ սկսիլ Յունաստանի դէմ։
«Թուրքիա կը փորձէ օգտուիլ այս խառն իրավիճակէն։ Յստակ ուղերձ կ’ուզեմ յղել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերագծել քարտէսները՝ վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին։ Մենք կը փափաքինք կառուցողական երկխօսութիւն սկսիլ Թուրքիոյ հետ, բայց նաեւ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր երկիրը եւ մեր իրաւունքները», եզրափակեց Տենտիաս։
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։