Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս «գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք»-ով մեկնարկը կատարուեցաւ Մշակութային Շաբթուան:
Երեկոն հովանաւորեց եւ բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի տեղապահ հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան: Իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պատուեցին նաեւ Արաբ Գրողներու Միութեան գործադիր գրասենեակի անդամ` Դոկտ. Ֆարուք Սալիմը եւ Հալէպի Մշակոյթի տնօրէն Ճապէր Սաճուտը:
Ներկայ էին նաեւ Արաբ Գրողներու Միութեան Հալէպի գրասենեակի անդամներ, տեղական լրատուամիջոցներ եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Շրջ. Վարչութեան բարի գալստեան խօսքը հայերէն լեզուով արտասանեց Մարալ Տէիրմէնճեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Հոկտեմբեր ամիսը յայտարարած է «Մշակոյթի ամիս» եւ սոյն ցուցահանդէսը կու գայ շեշտելու գիրքի, գրականութեան եւ ընթերցանութեան կարեւոր դերը սփիւռքահայու կեանքին մէջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ այս տարուան ցուցահանդէսը կը յատկանշուի Արաբ Գրողներու Միութեան մասնակցութեամբ, հայերէն եւ արաբերէն գիրքերու
ներկայացմամբ։
Արաբերէն խօսք արտասանեց Արա Մութաֆեան: Ան Սուրբ գիրքէն եւ Ղուրանէն վկայութիւններ ներկայացնելով բացատրեց ընթերցանութեան կարեւորութիւնը, որով միայն ժողովուրդները կրնան իրարու ձեռք մեկնել եւ համերաշխութեամբ ապրիլ։ Ապա անդրադարձաւ Արաբ Գրողներու Միութեան 60-ամեայ գործունէութեան, որուն լաւագոյն թարգմանն է օրուան ցուցահանդէսը: Արաբ գրողներու Միութեան ներկայացուցիչ Ֆարուք Սլիմ խօսք առնելով բարձր գնահատեց ցուցահանդէսին նախաձեռնութիւնը, յուսալով որ այս սկիզբ կ՛ըլլայ մանաւա՛նդ երիտասարդ գրողներու գործակցութեան: Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահը խօսք առնելով վեր առաւ թարգմանչաց վարդապետներուն դերը, գնահատեց ցուցահանդէսի մասնակցող կողմերը ու յաջողութիւն մաղթեց Մշակութային շաբթուան ընթացքին:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի 10-11 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-2:00 եւ երեկոյեան ժամը 5:00-9:00, առիթ ընծայելու դպրոցականներու եւ ընթերցասէրներու այցելութեան:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցին «Քրիստափոր» գրադարանը, «Կիլիկիա» հրատարակչատունը եւ Արաբ գրողներու Միութիւնը։

Անի Մինասեան