Կարեւոր համարելով մամուլի եւ տեղեկատուութեան դերը ներկայ աշխարհին մէջ, միեւնոյն ատեն համացանցի խառնիճաղանճէն հեռու, արժեհամակարգ եւ աշխարհահայեացք ունեցող լրագրող-հրապարակագիրներու դերը քննարկելու համար, «Գանձասար», – իր 30-ամեակին առիթով,- 1-3 Հոկտեմբերին, Քեսապի մէջ կազմակերպեց երիտասարդ լրագրողներու սեմինար մը, «Տեղեկատուական Գրագիտութիւն» խորագիրով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ տարբեր շրջաններու «Գանձասար»-ի թղթակիցներն ու երիտասարդ լրագրողները:
Բացման խօսքով խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ երիտասարդ լրագրողներու ի մի գալուն համար եւ կարեւոր նիւթերու շուրջ խորհրդակցելու կարեւորութիւնը մատնանշեց։
Առաջին օրուան օրակարգը կ’ընդգրկէր երեք դասախօսութիւն.
«Մտածողութենէն Հրապարակագրութիւն, Լրագրութիւն». դասախօս՝ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան: Աշըգեան խօսեցաւ հրապարակագրութեան հիմքերուն, նիւթը հանրութեան դիւրամատչելի եւ յստակ կերպով հասցնելու, դիտանկիւն ներկայացնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու մասին:
«Հարցազրոյց Վարելու Հմտութիւններ». դասախօսն էր՝ մեթր Մարիա Գաբրիէլեան: Հարցազրոյցը համարելով մամլոյ կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը, Գաբրիէլեան ներկայացուց ճիշդ եւ որակեալ հարցազրոյց վարելու հիմքերը, մատնանշելով պարտաճանաչ լրագրողին յատկանիշները, հարցազրոյց վարելու եւ խմբագրելու պայմաններն ու ձեւերը:
«Հանրային Յարաբերութիւններ» (Public Relations) դասախօսութիւնը «ԶՈՒՄ»-ի միջոցով ներկայացուց ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Վարիչ Մարմնի եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի անդամ Զանգու Արմէնեան: Արմէնեան օրինակներ բերաւ քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներու մէջ օգտագործուող PR-ի աշխատանքներէն եւ սեմինարի մասնակիցներուն հարցումներ ուղղելով զիրենք եւս մասնակից դարձուց քարոզչական որոշ պատկերներու եւ ոճերու մեկնաբանութեան։
Երկրորդ օրը չորս դասախօսութիւն եւ գործնական աշխատանք կ’ընդգրկէր: Օրը սկիզբ առաւ խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի դասախօսութիւն-զրոյցով՝ «Տպագիր Մամուլը։ Ի՞նչ Գրել եւ Ինչպէ՞ս Գրել» նիւթով։ Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ տպագիր մամուլի պատմութեան, անոր դերակատարութեան հայ մտքի զարգացման ու ազգային, քաղաքական հարցերու արծարծման մէջ, այնուհետեւ առցանց մամուլին բերած նորութիւններուն, ապա նաեւ՝ հայ մամուլին աշխատակցելու կարեւորութեան, գրելու համար երեւոյթները տարբեր տեսանկիւններէ դիտելու, ոճի ձեւաւորման եւ լեզուական հարցերու։
Յաջորդ զեկոյցով «ԶՈՒՄ»-ի կապով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Մեր Լրագրութիւնն ու Հրապարակագրութիւնը Այսօրուան Քաղաքական Հարցերուն Դէմ Յանդիման» նիւթով: Խմբագիրը ներկայացուց Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական առկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու համաշխարհային ուժերու ազդեցութիւնը։ Այս բոլորէն ետք, Գանտահարեան պարզեց, թէ հայ հրապարակագիրն ու լրագրողը ինչպէ՛ս պիտի կարդայ այս բոլորը ու վերլուծէ զանոնք։ Աւարտին ան պատասխանեց մասնակիցներու հարցումներուն:
Ապա մասնակիցները միասնաբար լուծեցին հարցաթերթիկ մը, որ կը պարունակէր ուղղագրական, քերականական եւ լրագրական հարցումներ:
Երրորդ եւ չորրորդ նիւթերու դասախօսն էր քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան։ Առաջին զեկոյցով ան ներկայացուց «Թրքական Մամուլին Անդրադարձը Հայկական Հարցերուն»։ Ան նախ պատկերացում մը տուաւ թրքական մամուլին մասին, առանձնաբար ներկայացնելով  թերթերու եւ կայքերու ուղղուածութիւնն ու թուրք լրագրողներու, մտաւորականներու, խմբագիրներու մօտեցումները հայկական հարցերուն, խօսքի ազատութեան սահմանները։ Գասարճեան կարեւոր համարեց թրքական մամուլ թափանցելն ու թուրք հասարակութիւնը մեր տեսակէտներուն ծանօթացնելը առարկայական մօտեցումներով, որովհետեւ թուրք հասարակութեան բազմակողմանի տեղեկութիւն չի հասնիր հայկական տեսակէտներուն մասին։ Յաջորդ դասախօսութեամբ Գասարճեան անդրադարձաւ առցանց մամուլին, ներկայացնելով ընկերային ցանցերու եւ լրագրութեան անմիջական կապը, այդ ցանցերուն մէջ աշխատելու ճիշդ եղանակն ու աւելի մեծ լսարան ապահովելու հնարքները։
Սեմինարին երրորդ օրը գործնական աշխատանքներով հարուստ էր: Առաջին զեկոյցով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան , ուր «ԶՈՒՄ»-ի միջոցով ներկայացուց Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներն ու  Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ Հայաստանէն դիտուած։ Շահպազեան նկատել տուաւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան կը փորձեն առաւելագոյնս օգտուիլ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութենէն եւ առաւելագոյն զիջումներու մղել մեր երկիրը։  Ան պարզեց Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութեան դերը, դիտել տալով որ իշխանափոխութեամբ, Հայաստանի ու Արցախի շահերու պաշտպանութեան վրայ հիմնուած ճկուն բանակցութեամբ եւ Հայոց բանակի ուժեղացումով միայն կարելի է վերջ տալ զիջումներուն եւ զսպել Հայաստանի վրայ շարունակուող յարձակումները։
Ապա մասնակիցները բաժնուեցան երեք խմբակներու, որպէսզի խմբային աշխատանք մը կատարեն: Առաջին խմբակը հարցազրոյցներ վարեց Քեսապի Ազգային  Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտութեան հետ, երկրորդ խմբակը՝ քեսապցի տարեցներու հետ, իսկ վերջինը՝ տեղեկութիւններ հաւաքեց քեսապի մշակութային կեանքին մասին: Այս աշխատանքը շատ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց մասնակիցներուն մօտ:
Սեմինարի վերջընթեր օրակարգով ճարտարապետ Ռաֆֆի Քէշիշեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց «Մարմնի Լեզու» (Body Language) նիւթը, պարզելով, որ մարդուն հոգեվիճակը հասկնալու միջոցներէն են նաեւ իր շարժումներն ու դէմքի արտայայտութիւնները։ Ան օրինակներով բացատրեց մարդ արարածի հիմնական կարգ մը շարժումներուն եւ արտայայտութիւններուն իմաստը՝ ընկերային եւ քաղաքական միջավայրերու մէջ։
Վերջին այս նիստին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի  Քեսապ մասնաճիւղի աստիճանաւորական կազմը։
Յետմիջօրէին, մասնակիցները ուղղուեցան Քարատուրան, ուր զրոյցով եզրափակեցին սեմինարը։
 «Հայեցի Դաստիարակութիւն, Ինքնութեան Պահպանում» խորագիրը կրող զրոյցը վարեց տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան։
Խօսուեցաւ հայեցի դաստիարակութիւն հասկացութեան, անոր միջոցներուն եւ նպատակներուն շուրջ։ Ապա մասնակիցները զրուցեցին ազգային ինքնութեան բաղադրիչներուն եւ յենարաններուն, ազգային հպարտութիւն ներշնչող տարրերուն շուրջ եւ առաջարկներ ներկայացուցին հայ երիտասարդի ուժեղացման, միաժամանակ անոր ազգային ինքնութեան պահպանման զուգահեռ ընթացքին շուրջ։
Զրոյցի աւարտին անոնք կարծիքներ փոխանակեցին մամուլին, անոր աշխատակցելու անհրաժեշտութեան եւ հմտութիւն ձեռքբերելու քայլերուն, լեզուի պահպանման եւ հայ երիտասարդին մօտ այս բոլորին վերաբերեալ հետաքրքրութիւն ստեղծելու միջոցներուն մասին։
Սեմինարի աւարտին, մասնակիցները լեցուցին հարցաթերթիկ մը, ուր յայտնեցին իրենց կարծիքը սեմինարի մասին, մատնանշեցին նաեւ բացթողումները եւ առաջարկներ փոխանցեցին նման սեմինարներու համար:
Դրական էր նաեւ սեմինարի ընթացքին յառաջացած ընկերային մթնոլորտը, միասնաբար աշխատելու, զրուցելու, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կարծիքներ փոխանակելու փորձառութիւնը:
Կիթառ Աւընեան
Վեհան Պարսումեան